Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերվելէ
վաղը Երեւան կը ժամանէ

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերվելէ Պաքուի մէջ ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ՝ «հասած է ժամանակը՝ լուծելու այս հակամարտութիւնը, որ տարածաշրջանի զարգացման եւ խաղաղութեան հաստատման համար խոչընդոտ է»:


Գերմանիոյ դիւանագիտութեան պետը յիշեցուցած է, որ Գերմանիան կը վստահի եւ կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին: Ըստ անոր, Գերմանիա առաջատար դեր խաղացած է Պրիւքսելի մէջ՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ Եւրոպական Միութեան ներգրաւուածութեան ամրապնդման իմաստով: Իսկ Եւրոպական Միութեան արտաքին հարցերով խորհուրդի կայացուցած եզրակացութիւնը եւ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչի լիազօրութիւնը լաւ հիմք կը հանդիսանան՝  այդպիսի մասնակցութեան:
Վեսթերվելէ անդրադարձած է նաեւ «Եւրոտեսիլ» երգի մրցումին՝ խորհուրդ տալով զայն օգտագործել ցոյց տալու համար, որ Ատրպէյճան կ՛ուզէ կիսել եւրոպական արժէքները, մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան ոլորտին մէջ:
«Արեւելեան գործընկերութեան» ծրագրի կապակցութեամբ ան նշած է, որ անիկա արդէն ապացուցած է իր արդիւնաւէտութիւնը:
Նշենք, որ վաղը 16 Մարտին Վեսթսերվելէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով Հայաստան պիտի այցելէ: