Հայաստանի մէջ գործող Իտալիոյ դեսպանատան մէջ տեղի ուենցաւ «Նէափոլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցի» հայերէն եւ իտալերէն լեզուներով հրատարակուած ալպոմին շնորհանդէսը:
Հայաստանի մէջ Իտալիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրունօ Սգաբինի իր խօսքին մէջ նշեց, որ իբրեւ հայ-իտալական նախագիծ, հաւանաբար, այս աշխատանքը իր չափերով թուի փոքր, սակայն ան հաւաստիացուց, որ անիկա իր նշանակութեամբ շատ մեծ է:
Գիրքին տպագրութիւնը իրականացած է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ Հայաստանի մէջ Իտալիոյ դեսպանատան կողմէն, որ առաջին անգամ ցուցադրուած է 2011ին Վենետիկի մէջ կայացած «Հայաստան քաղաքակրթութեան դրոշմներ» խորագիրով ցուցահանդէսին ծիրէն ներս:
Շնորհանդէսին ներկայ ՀՀ Մշակոյթի փոխնախարար Արթուր Պօղոսեան՝ գիրքին անդրադառնալէն առաջ՝ նախ յիշեցուց, որ այս տարի ՀՀ-ի մշակութային կեանքին մէջ նախատեսուած է կարեւոր երկու մեծ ձեռնարկ՝ հայկական գրատպութեան 500ամեակին ծրագիրը, որ անցեալ տարի մեկնարկած է Վենետիկէն, քանի որ Վենետիկը կը հանդիսանայ գրատպութեան օրրանը, ինչպէս նաեւ այն, որ Հայաստան այս տարի ճանչցուած է գիրքի մայրաքաղաք:
Փոխ նախարարը կարեւոր համարեց հայ-իտալական համագործակցութիւններէն այն համաձայնագիրը, ըստ որուն, Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ պիտի ստեղծուի տարածաշրջանային վերականգնողական մեծ կեդորն, ուր պիտի ներառուին տարբեր բաժիններ, բացի մշակութային գործերու վերականգնման տարրալուծարանի ստեղծումէն, նաեւ պիտի ըլլան նախագիծեր՝ մասնագէտներու վերապատրաստման ուղղութեամբ: «Այս ծրագրի իրականացման համար համապատասխանաբար Իտալիայի հանրապետութիւնը Հայաստանին է տրամադրել 1.2 միլիոն դրամ գումար»,- ըսաւ փոխ նախարարը:
Խօսելով գիրքին մասին՝ Արթուր Պօղոսեան ըսաւ, որ աշխարհի մէջ իրենք կը փորձեն գտնել հայկական մշակութային հետք, որուն ծիրէն ներս ալ լոյս ընծայուած է այս գիրքը:
Դեսպան Սգաբինի՝ ներկայացնելով իր փորձառութիւնը՝ նշեց, որ հայկական հետք փնտռելու համար պէտք չէ միայն սահմանափակուիլ Սուրբ Վենետիկ կղզի այցելելով: «Ինչո՞ւ Սուրբ Գրիգոր եկեղեցին ընտրուեցաւ, քանի որ հանրութեան կարծիքով հայկական ներկայութիւնը Իտալիոյ մէջ կը սահմանափակուի Սուրբ Վենետիկ կղզիով, սակայն ատիկա այդպէս չէ: Հայկականի որոնումը կատարելու համար, ուղղակի պէտք է այցելել Իտալիա եւ վերջ: Ինծի համար նոյնպէս մեծ անակնկալ էր Իտալիոյ մէջ ամէն օր յայտնաբերել հայկական նոր ներկայութիւններ, ոչ միայն սուրբ Ղազարի մէջ, այլ ողջ երկրի տարածքին»,- ըսաւ ան:
Պրունօ Սգաբինի նշեց, որ իրեն համար վերջին յայտնագործութիւնը եղած է այն, որ Պարիք քաղաքի մօտակայքը հայկական ներկայութեան հետքեր բացայայտուած են: «Այստեղ հայերը հաստատուած են 20ականներուն եւ ստանալով կառավարութեան աջակցութիւնը, հիմնած են կերպասեղէնի արտադրութիւն, մասնաւորապէս գորգեր: Իսկ տարածքը ստացած է Նորաքսան անունը»,- ըսաւ ան: