ՀՀ փոխադրութեան եւ կապի նախարարութեան փոխանցած տուեալներուն համաձայն, սաստիկ բուքի պատճառով փակ մնացած են Բերդ-Ճամբարակ եւ Սիսիան-Գորիս ճանապարհային հատուածները: Կը շարունակէ փակ մնալ նաեւ Սելիմի լեռնանցքը:
Միջպետական, հանրապետական ճանապարհները եւ լեռնանցքները հիմնականօրէն երթեւեկելի են, սակայն դժուարաւ անցնիլ կարելի է Սեւանի շրջանի որոշ ճանապարհներէ: Սառոյցով պատուած են Դիլիջանի, Բաղրամեանի, Արարատի եւ Գորիսի շրջանները:
Մայրաքաղաք Երեւանի մէջ եւս ձիւն կը տեղայ: