Կիներու միջազգային օրուան առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան հայ կիներուն ուղղեց շնորհաւորական խօսք մը, որուն ամբողջութիւնը կու տանք ստորեւ:

Սիրելի՛ մայրեր, քոյրեր, տատիկներ, գեղանի աղջնակներ, սփիւռքահայ իմ հայրենակիցներ, ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ բոլորիս գարնանային այս գեղեցիկ տօնին՝ 8 Մարտին եւ հայ կիներու միամսեակին առիթով:
Ուրախ եմ, որ ամբողջ աշխարհի մէջ միայն հայոց պետութիւնն է, որ կարելիութիւն ստեղծած է տօնացոյցին մէջ ամրագրելու կնոջ ու մօր նուիրուած պետական երկու տօն, մէկ ամիս շարունակ գովերգելու, մեծարելու աւանդութեան վերածելու. թէեւ կինը իր բնութեամբ, իր դերով արժանի է ամէնօրեայ խոնարհումի:
Կինը բնութեան գլուխ գործոցն է: Անոր մէջ կ՛ապրին սէրն ու բարութիւնը, հմայքն ու առաքինութիւնը, նրբութիւնն ու նազանքը, միեւնոյն ժամանակ՝ ուժն ու ամրութիւնը:
Հայ կնոջ մեծագոյն առաքինութիւնը ինքնազոհութեան բացառիկ կարողութիւնն է՝ յանուն իր զաւակներուն, ամուսնոյն եւ ընտանիքին:
Հոգիդ հպարտութեամբ կը լեցուի, երբ կը տեսնես, որ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, հասարակական ապահովութեան ոլորտներուն մէջ կը գերակշռեն խելացի, կազմակերպուած եւ տաղանդաւոր կիներ:
Պէտք է նշեմ, որ այսօր հայկական աշխարհին մէջ հայ կինը արժանացած է գնահատանքի. ան ամէն տեղ է եւ հայ տղամարդուն հաւասար՝ կը փորձէ իր առաւելագոյնը մատուցել ազգին, ժողովուրդին, պետութեան: Վստահ եմ, որ հետզհետէ աւելի մեծ թիւով կիներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն մեր պետութեան հասարակական-քաղաքական կեանքի ամէնէն տարբեր մարզերուն մէջ:
Մեր ժողովուրդին, անոր ստեղծած արժէքներուն յարատեւման, ձեռքբերումներուն ու ազգապահպանման գործին մէջ անգնահատելի է կնոջ դերակատարութիւնը:
Հայ կնոջ եւ մօր ներկայութիւնը անգնահատելի է յատկապէս սփիւռքի նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան եւ հայապահպանութեան գործին մէջ:
Սփիւռքի թանկագի՛ն քոյրեր, դուք ամէն ինչ կ՛ընէք, որպէսզի մեր մանուկները տունը խօսին մեր ոսկեղնիկ մայրենի լեզուով: Դուք, յաղթահարելով շատ բարդութիւններ, ձեր երեխաները հայկական դպրոց կ՛ուղարկէք, որ մայրենին միշտ հնչէ իրենց շրթներէն, որ անոնք դառնան հայ ազգի շարունակողները՝ իրենց նուիրումով, գործերով, էութեամբ եւ ապրելակերպով:
Համոզուած եմ, որ դուք պիտի շարունակէք հայապահպան ու ազգապահպան ձեր առաքելութիւնը:
Սիրելինե՛րս, կը մաղթեմ ձեզի երջանկութիւն, երկարակեցութիւն, կանացի անսպառ հմայք:
Եղէք առողջ, որովհետեւ, երբ առողջ է մայրը, առողջ է ամբողջ ընտանիքը, առողջ է հասարակութիւնը, առողջ է ժողովուրդը:
Ջերմութեամբ եւ առանձնակի սիրով մեր հայրենի բարձրաբերձ լեռներու գեղեցիկ ծաղիկներով փունջեր կը նուիրեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրիդ ըսելով՝
Տօնդ շնորհաւոր, սիրելի՛, պայծա՛ռ, անգի՛ն հայ կին: