Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած էինք, աշխատանքային այցով Պելճիքա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենի հետ:

ՀՀ նախագահը ՆԱԹՕի մէջ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ շեշտեց թէ՝ Ատրպէյճանի նախագահը «ընդամէնը քանի մը օր առաջ յայտարարեց, որ ատրպէյճանցիներու թիւ մէկ թշնամին աշխարհասփիւռ հայութիւնն է: Այս հանգամանքը պէտք է արժանանայ միջազգային հանրութեան գնահատականին»

 Նախագահի մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով՝  հանդիպման աւարտին Հայաստանի նախագահը եւ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարը հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ եւ մամլոյ ասուլիսով։
Սերժ Սարգսեան  իր ելոյթին մէջ ըսած է, թէ «Հայաստանը աշխուժօրէն կը համագործակցի ՆԱԹՕ-ի հետ գործընկերութեան բոլոր բնագաւառներուն: Արդիւնաւէտ կþընթանայ բարեփոխումներուն գործընթացը պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ արտակարգ իրավիճակներու ոլորտներուն մէջ, որոնք Հայաստանի մէջ լայն թափ ստացած ներքին բարեփոխումներու բաղկացուցիչ մասը կը կազմեն:
Այս առումով, արձանագրեցինք, որ Հայաստան-ՆԱԹՕ Անհատական գործընկերութեան գործողութեան ծրագիրը կը շարունակէ մնալ մեր գործընկերային յարաբերութիւններուն անկիւնաքարը: Անցեալ տարուան Նոյեմբերին մենք հաստատած ենք այդ ծրագիրին երրորդ փուլի մեր ընելիքները եւ ձեռնամուխ եղած անոր նպատակներու իրականացման»:
Մամլոյ ասուլիսէն յետոյ կայացած է Հայաստան-հիւսիսատլանտեան խորհուրդ հանդիպումը, որ ըստ նախագահին՝ լաւ հնարաւորութիւն է ՆԱԹՕ-ի գործընկերներուն Հարաւային Կովկասի առջեւ ծառացած անվտանգութեան սպառնալիքներուն ու մարտահրաւէրներուն մասին Հայաստանի ընկալումներն ու անոնց յաղթահարման պատկերացումները ներկայացնելու համար:
ՀՀ նախագահը անդրադառնալով ԼՂՀ հարցին ըսած է թէ «քննարկեցինք նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին վերջին զարգացումները: Ատրպէյճան կտրականապէս կը մերժէ վստահութեան կառուցման իւրաքանչիւր առաջարկ՝ ուղղուած ըլլայ թէ՛ տարածաշրջանային համագործակցութեան խթանման, թէ՛ սահմանի լարուածութեան տկարանալուն: Օրինակ Ատրպէյճան, ցաւօք, դէմ է առաջին գիծէն դիպուկահարներու յետքաշման, դէմ է միջադէպերու հետաքննութեան: Աւելին, ոչ մէկ վայրկեան չեն դադրած Ատրպէյճանի կողմէ պատերազմի կոչերը: Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ հայերուն նկատմամբ ատելութեան սերմանումը:
Ատրպէյճանի նախագահը ընդամէնը քանի մը օր առաջ յայտարարեց, որ ատրպէյճանցիներու թիւ մէկ թշնամին աշխարհասփիւռ հայութիւնն է: Այս հանգամանքը պէտք է արժանանայ միջազգային հանրութեան գնահատականին»:
Իր կարգին Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն բարձր գնահատած է Հայաստանի ջանքերը համաշխարհային խաղաղութեան եւ անվըտանգութեան պահպանման գործին մէջ:

Հանդիպում Պարոզոյի հետ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր այցելութեան ծիրէն ներս, աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ նաեւ Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզոյի հետ:
Հանդիպման աւարտին մամլոյ ասուլիս մը տրուեցաւ, ուր ՀՀ նախագահը շեշտեց թէ Հայաստանի յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան շրջանակներուն հետ վերընթաց կերպով կը զարգանան: Փոխադարձ յաջողութիւններուն յաջորդ հանգրուանը խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիին շուրջ բանակցութիւններ սկսելու վերաբերեալ է, ԵՄ բոլոր անդամ պետութիւններու միաձայն որոշումով, որ կը վկայէ նաեւ այդ ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան ձեռնարկած քայլերու արդիւնաւէտութեան մասին: