Երէկ Երկուշաբթի, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը աշխատանքային երկօրեայ այցով ժամանած է Պելճիքա, ուր հանդիպում ունեցած է Պելճիքայի Ծերակոյտի նախագահ Սապին տէ Պեթիւնի եւ Ծերակոյտի ու Ներկայացուցիչներու տան պարգամաւորներու հետ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստանը շահագրգռուած է ընդլայնելու եւ խորացնելու բազմաբնոյթ կապերը Պելճիքայի հետ, որ իր զարգացած տնտեսութեամբ կրնայ Հայաստանի համար լաւ օրինակ հանդիսանալ բարեփոխումներու իրականացման ճանապարհին:
Նախագահը նշած է, որ Հայաստան եւ Պելճիքա՝ չափերով համադրելի երկիրներ են, իսկ Հայաստանի մէջ Պելճիքան մշտապէս ընկալուած է որպէս ուսանելի զարգացման մոտել։
ՀՀ նախագահը կարեւորութեամբ նշած է Պելճիքայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը:
Երէկ նախատեսուած էր նաեւ նախագահի հանդիպումը հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: