ԶԱՐԿ  ԿԸ  ՏՐՈՒԻ  ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ  ԲՆԱԳԱՒԱՌԻՆ

2012ի աշնան Երեւանի մէջ պիտի կայանայ զբօսաշրջութեան նուիրուած մեծ համաժողով: Այս մասին յայտարարեց տնտեսութեան նախարար Տիգրան Դաւթեան‘ ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (UNWTO) գլխաւոր քարտուղար Թալեպ Ռիֆայի հետ Երեւանի մէջ կայացած համատեղ ասուլիսին:


«Համաժողովին կը մասնակցին թէ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, թէ միջազգային կազմակերութիւնների ղեկավարներ»,- նշեց նախարարը`աւելցնելով, որ UNWTO-ն պիտի աջակցի հեղինակաւոր կազմակերպութիւններու եւ ոլորտի յայտնի մակնիշներ հրաւիրելու հարցին: «Հիմա մենք տինամիք կերպով աշխատում ենք մի շարք միջազգային հիւրանոցային ցանցերի հետ: Կարող ենք ակնկալել դրանց մուտքը Հայաստան»,- աւելցուց նախարարը:


ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Ընդունելով ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Թալեպ Ռիֆային‘ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութիւնը տնտեսութեան գերակայ ճիւղ է, եւ հակառակ անոր որ այդ մարզին մէջ տարեկան մօտ 20 առ հարիւրի աճ կ՛արձանագրուի, իսկ ներքին զբօսաշրջութեան առումով‘ քիչ մը աւելին, Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութիւնը շատ մեծ ներուժ ունի, որ անհրաժեշտ է լիարժէք օգտագործել:
Ըստ նախագահին, յստակ է, որ զբօսաշրջային արդիւնաբերութիւնը հետզհետէ աւելի ու աւելի կարեւոր կը նկատուի ինչպէս համաշխարհային տնտեսութեան, այնպէս մարդոց ընկերային խնդիրներու լուծման գործին, մշակութային եւ քաղաքական մարզերուն մէջ: «Բնականաբար, մենք Հայաստանի մէջ եւս մեծ կարեւորութիւն կու տանք զբօսաշրջութեան զարգացման եւ շատ ուրախ ենք, որ շուրջ 15 տարիէ ի վեր կ՛անդամակցինք համաշխարհային կազմակերպութեան եւ ունինք համագործակցութեան լաւ ապագայ», ըսաւ Հայաստանի նախագահը:
Ռիֆայի նախագահ Սերժ Սարգսեանին յանձնեց ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւ Ճամբորդութեան ու զբօսաշրջութեան համաշխարհային խորհուրդի բաց նամակը‘ նշելով, որ քարոզարշաւի ընթացքին այսպիսի նամակներ կը յանձնեն աշխարհի տարբեր երկիրներու ղեկավարներուն, որոնք ի գիտութիւն եւ ի համաձայնութիւն կ՛ընդունին զբօսաշրջային արդիւնաբերութեան տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական կարեւորութիւնը:
Երէկ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան նոյնպէս ընդունեց Թալեպ Ռիֆային:


ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐԸ ԿԸ ՆԱԽԸՆՏՐԵՆ
ՊՈՒԼԿԱՐԻԱՆ, ԹՈՒՆԻԶԸ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆԸ

«Առաւօտ» թերթի Յուլիս 1ի յօդուածով անդրադարձ կը կատարուի զբօսաշրջութեան նիւթին՝ «Հայաստանը գնալով անմրցունա՞կ է դառնում» խորագրով լոյս տեսած գրութեամբ: Ըստ յօդուածին՝ այս ամառ հայաստանցի զբօսաշրջիկները փոխած են իրենց հանգիստը կազմակերպելու աշխարհագրութիւնը: Հիմա անոնք կը նախընտրեն Պուլկարիան, Թունիզը եւ Վրաստանը: Հայաստանի մէջ սուղ են ոչ միայն սնունդը, փոխադրամիջոցները եւ հիւրանոցները, այլեւ հիւրերուն առաջարկուող տուները: Սպասարկման որակէն, պայմաններէն ու գիներէն կը բողոքեն տեղացի եւ արտասահմանցի զբօսաշրջիկները, ինչպէս եւ զբօսաշրջային գործակալութեան տնօրէնները:
Ճամբորդական գործակալներու հայկական ընկերակցութեան փոխ նախագահ Ե. Թանաշեան կը նշէ, որ վերջին տարիներուն հայկական զբօսաշրջային ծրագրերը մրցունակութեան առումով բաւական կը զիջին նոյնիսկ վրացականին: Իր համոզմամբ՝ հարկային անբարենպաստ քաղաքականութեան պատճառով է որ կը պատահի այս մէկը:
Յօդուածը կÿամբողջանայ գրելով թէ «որքան ալ պետական պաշտօնեաները վստահեցնեն, թէ Հայաստանի մէջ հանգստանալը մատչելի է ու որակեալ, սովորական քաղաքացիի մը համար այս տարի նոյնպէս Սեւան, Ջերմուկ եւ Ծաղկաձոր հանգստանալը պիտի մնայ որպէս երազանք»: