ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՄՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային՝ Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան օրուան առիթով:
Ուղերձին մէջ, որուն բնագիրը տարածեց Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը, նախագահ Սարգսեան Հայաստանի ժողովուրդին եւ իր անունով ամենայն ջերմութեամբ կը շնորհաւորէ Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան տօնը‘ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ, իսկ Ամերիկայի բարեկամ ժողովուրդին‘ խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն:
Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ 235 տարիներ առաջ Ֆիլատելֆիոյ մէջ ընդունուած Անկախութեան հռչակագիրը խորհրդանշեց կարեւորագոյն հանգրուան ժողո- վըրդավարութեան, մարդկային ու ժողովուրդներու իրաւունքներու եւ արժանապատուութեան, սեփական ճակատագիրը տնօրինելու ազատութեան բարձրագոյն արժէքներու ամրագրման ճամբուն վրայ:
Նախագահ Սարգսեան գնահատեց այն շարունակական եւ համակողմանի աջակցութիւնը, զոր Միացեալ Նահանգներ ցուցաբերած են Հայաստանի նկատմամբ‘ 20-ամեակը բոլորող անկախութեան առաջին տարիներէն ի վեր: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին եւ անձամբ նախագահ Օպամային՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման ուղղուած հետեւողական եւ կառուցողական ջանքերուն համար՝ ի նպաստ շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման:
Հայաստանի նախագահը իր ուղերձին մէջ նշեց, որ Հայաստան առանձնայատուկ կարեւորութիւն կու տայ Միացեալ Նահանգներու հետ շարունակուող սերտ գործակցութեան եւ գործընկերային ջերմ յարաբերութիւններուն, երկկողմանի կապերու վերընթաց զարգացման եւ երկու երկիրներու ու ժողովուրդներու բարեկամութեան հետագայ ամրապնդման եւ խորացման: Նախագահը յոյս յայտնեց նաեւ, որ միացեալ ջանքերով կարելի ըլլայ նոր կարելիութիւններ ստեղծել փոխադարձ հետաքրքրութեան բոլոր մարզերուն մէջ գործակցութեան ներկայ որակական մակարդակը աւելի բարձրացնելու համար:
Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան օրուան առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն եւ շնորհաւորեց դեսպանատան աշխատակիցները:
Հայաստանի նախագահը իր խօսքին մէջ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան տօնը շատ մեծ նշանակութիւն ունեցած է եւ ներկայիս ալ ունի ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլեւ բոլոր ժողովուրդներուն, որոնց շարքին‘ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին համար, քանի որ չկայ ժողովուրդ մը, որ չի ցանկար անկախութիւն եւ ազատութիւն: