Մեկնաբանելով ատրպէյճանական կողմին տարածած այն տեղեկատուութիւնը, որ հայ զինուորները կը հրդեհեն ատրպէյճանական դաշտերը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակը յայտարարեց, որ բանակի ստորաբաժանումները այսպիսի քայլերու չեն դիմեր, քանի որ ատիկա անյարիր է անոնց: Ղարաբաղի բանակին առջեւ կայ լրիւ ուրիշ խնդիր եւ ղարաբաղեան զօրքերը բարեխղճօրէն կ՛իրականացնեն եւ պիտի իրականացնեն այդ խնդիրը: