Ֆրանսայի Սենատին կողմէ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը մեխանիզմ է կանխարգիլելու մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները:


Այս խօսքերով արտայայտուեցաւ Լատվիայի մէջ FrancePress-ին խօսելով,  Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը:
Պաշտօնական իր այցելութեան ընթացքին, ՀՀ նախարարը մամլոյ ասուլիս մը տուաւ, ուր հարցումներու մեծ մասը անշուշտ Ֆրանսայի կողմէ որդեգրուած օրինագիծին շուրջ կայացաւ:
«Այդ կարեւոր քայլը Ֆրանսայի կողմից ոչ միայն ողջունելի է, այլեւ պէտք է օժանդակութիւն ստանայ Եւրոպայի եւ ամբողջ աշխարհի երկրների կողմից»,- յայտարարեց Նալբանդեանը՝ ընդգծելով, որ առաջին հերթին հարկաւոր է Թուրքիայի հետ ընդհանուր պատմութեան այդ էջը թերթել, բայց ոչ թէ ժխտման ճանապարհով, այլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչմամբ: «Մենք իսկապէս յոյսով ենք, որ կուգայ այն օրը, երբ Թուրքիան ինքը կը ճանաչի Հայոց Ցեղասպանութիւնը»,- նշեց ան:
Լատվիայի ԱԳ նախարար Էդգարս Ռինկեւիչսը նշեց, որ Հայաստանի եւ Լատվիայի ծանր պատմութեան մէջ նմանութիւններ կան եւ «տուեալ հարցով մենք կը հասկնանք հայ ազգի ցաւը»: «Եթէ նոյնիսկ ատիկա  շատ դժուար է, ամէնէն լաւը ակադեմական մակարդակով ընդհանուր անցեալի քննարկում կազմակերպելն է, այլ ոչ թէ հարցը քաղաքականացնելը»,- աւելցուց ան: