ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- «Եւրոտեսիլ»ի հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Գոհար Գասպարեանի համաձայն, Հայաստան Մայիս 22-26 Պաքուի մէջ կայանալիք «Եւրոտեսիլ 2012» երգի միջազգային մրցումին մասնակցելու վերջնական որոշում տուած է եւ մինչեւ Յունուարի վերջ պիտի յայտարարէ մասնակիցին անունը։


Յունուար 17ին Հայաստան դիմում ներկայացուցած էր մրցումին մասնակցելու։ Գասպարեանի համաձայն, այդ մէկը նախորդ տարիներուն նման սովո րական գործընթաց է:
«Մրցոյթի պայմանների համաձայն՝ մինչեւ Մարտի կէսը պէտք է ներկայացուի ինչպէս մասնակցի անունը, այնպէս էլ ընտրուած երգը: Մինչ այդ  բոլոր աշխատանքները կարող են տարբեր կերպ ընթանալ», ըսաւ Գասպարեան, որուն համաձայն, յառաջիկային մրցումի ղեկավարութիւնը հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ, ուր պիտի նշուի նաեւ, թէ ինչ սկզբունքներով պիտի ընտրուի «Եւրոտեսիլ 2012»ին մասնակցող հայ երգիչը:
Հայկական կողմը իր պատուիրակութեան անվտանգութեան լուրջ երաշխիքներ կը սպասէր ոչ միայն ընդունող երկրի, այլեւ Եւրոպական հեռարձակողներու միութեան, միջազգային այլ կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնք պատասխանատու են 2012 Մայիսին Պաքուի մէջ կայանալիք Եւրոտեսիլի կայացման: Պաքուն «Եւրոտեսիլ 2012» մրցումը կազմակերպելու իրաւունք ստացած է 2011ին Տիւսելտորֆի մէջ կայացած մրցումին արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ: