ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Յունուար 24ին այցելած է Ստեփանակերտի օդակայան եւ տեղւոյն վրայ ծանօթացած կատարուող աշխատանքներուն։

Օդակայանը կրկին օգտագործելու առնչուած հարցերուն շուրջ կայացած խորհրդակցութեան ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն մասին զեկուցած են քաղաքացիական թռիչքներու վարչութեան պետ Դմիթրի Ադբաշեան, վարչութեան եւ օդակայանի պատասխանատու աշխատակիցները:
Բակօ Սահակեան գոհունակութիւն յայտնած է իրականացուած աշխատանքներուն համար եւ աւելցուցած, որ հետեւողական ընթացքն ու որակը պէտք է մնայուն կերպով պահպանուին: Նախագահը նշած է, որ հանրապետութեան  համար օդակայանը ռազմավարական կարեւորագոյն կեդրոններէն է, որուն վերագործարկումը մեծապէս պիտի նպաստէ երկրի հասարակական-տնտեսական զարգացման: Նախագահը ընդգծած է, որ բոլոր աշխատանքները պէտք է կատարուին ու ամբողջանան անթերի կերպով եւ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին: