ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ Կ՝ԱՀԱԶԱՆԳԵՆ

Հայաստանէն արտագաղթը հասած է տագնապալի սահմանի: Այս նիւթով ահազանգ հնչեցուցին արտագաղթի ծաւալներով եւ երկրի ժողովրդագրական պատկերով մտահոգուած խումբ մը մտաւորականներ:


Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան ընդգծեց, որ այսօր երկրի մէջ ամենակարեւոր խնդիրներէն է բնակչութեան արտահոսքը: «Մեր պատմութեան մէջ միշտ էլ արձանագրել ենք արտագաղթ, բայց հիմա հասել ենք մի հանգրուանի, որ այլեւս մտաւորականներս չենք կարող հանգիստ նայել, թէ ինչ է կատարւում»,- ըսաւ ան: Անանեանի խօսքով՝ հակառակ անոր, որ երկրի մէջ «որոշակի քայլեր» կը կ’առնուին, բայց վերջաւորութեան ամէն ինչ կը դառնայ ձեւական, եւ տարուէ տարի արտագաղթը ոչ միայն չի նուազիր, այլեւ կը շատնայ: Սահմանամերձ գիւղի մը գիւղապետը վերջերս Լեւոն Անանեանին պատմած է, թէ ինչպէս մէկ անգամէն հարիւր երիտասարդ գիւղէն Ռուսաստան մեկնած են: «Յանուն կայուն մարդկային զարգացման» ՀԿ նախագահ, բնապահպան Կարինէ Դանիէլեանը յայտարարեց, որ իրենք հիմա այս հարցի մասին կը բարձրաձայնեն, որովհետեւ արդէն «քանակը որակ տուած է»: «Տեսնում ենք ամայացած գիւղեր, ամայացած փոքր քաղաքներ»,- ըսաւ ան: Դանիէլեանի խօսքով՝ զիրենք լրջօրէն կը մտահոգէ Հայաստանէն դէպի Ռուսաստան իրականացուող ներգաղթի ծրագիրը: «էմիսարները գնում են գիւղեր. ժողովուրդը հերթով կը սպասէ որ «առիթը» չկորսնցնէ» կը պատմեն անոնք: