ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալան Ժիւփէ ռուսական «Էխօ Մոսքվի» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կարգաւորման առնչութեամբ, կողմերուն պիտի ներկայացուին լրացուցիչ առաջարկներ։


«Ես, ի հարկէ, կ՛ողջունեմ Ռուսիոյ եւ անոր նախագահին ջանքերը։ Ան շատ ջանքեր գործադրած է խնդիրի առնչութեամբ ե՛ւ Սոչիի մէջ, ե՛ւ Քազանի մէջ։ Սակայն ցաւալի է, որ այդ բոլորէն ետք որեւէ արդիւնք չէ արձանագրուած։ Ամէն պարագայի, որքան գիտեմ, խնդիրի առնչութեամբ որեւէ համաձայնութեան հասնելու համար պիտի տրուին լրացուցիչ առաջարկներ», ըսած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը։