Ղարաբաղեան- ատրպէյճանական զօրքերու շփման   գիծին հիւսիսարեւելեան (Մարտակերտի) ուղղութեամբ  տեղակայուած պաշտպանական դիրքերէն մէկուն վրայ‘ ատրպէյճանական կողմէ արձակուած փամփուշտէն վիրաւորուած է բանակի ժամկէտային զինուոր, 1992 թուականին ծնած Գէորգ Եղիազարեանը:


Ղարաբաղի բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժանմունքը կը հաղորդէ, որ դէպքէն անմիջապէս ետք վիրաւորը զինուորական հիւանդանոց տեղափոխած են:  Միջադէպին հետ կապուած մանրամասնութիւնները ճշդելու համար քննութիւն կը կատարուի: