ՄԱԿ-ի Արեւելաեւրոպական խումբը  հաստատեց  կազմակերպութեան մէջ  ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեանի թեկնածութիւնը՝ ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան յատուկ կոմիտէի 2012ի նախագահութիւնը ստանձնելու համար:

Յատուկ կոմիտէն կոչուած է քննարկելու կառավարութենէն  ստացուած առաջարկութիւնները, որոնք ուղղուած են կազմակերպութեան գործունէութեան եւ նպատակներու իրականացման համար կարողութիւններու  ու արդիւնաւէտութեան բարելաւման:
Հայաստանին վստահուած այս մարմնի իրաւասութեան ներքոյ են այն հարցերու  քննարկումները, որոնք կը  վերաբերին միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան պահպանման եւ ապահովման հարցերու շուրջ ՄԱԿ-ի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու  դերակատարութեան, Կանոնադրութեան VII գլխի համաձայն պատժամիջոցներու կիրառման արդիւնքով վնասներ կրած երրորդ երկիրներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցին մէջ  ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան դրոյթներու  կիրառման, պետութիւններու միջեւ վէճերու խաղաղ կարգաւորման եւ այլն:
Անցեալին, Յատուկ կոմիտէի աշ- խատանքին շնորհիւ  այնպիսի կարեւորագոյն փաստաթուղթեր եւ համաձայնութիւններ յաջողուած են, ինչպէս օրինակ ԳԱ-ի կողմէ ընդունուած Միջազգային վէճերու խաղաղ կարգաւորման, Վէճերու եւ իրավիճակներու  կանխարգիլման ու վերացման, ՄԱԿ-ի եւ տարածաշրջանային կառոյցներու  միջեւ համագործակցութեան հռչակագրեր, որոնք մեծ կարեւորութիւն ունեցած են  ժողովուրդներու  ինքնորոշման իրաւունքի անվերապահ իրականացման գործին մէջ:
Նշենք, որ ի տարբերութիւն ՄԱԿ-ի մնացեալ  մարմիններու գործելաձեւին, ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան Յատուկ կոմիտէն իր որոշումները կÿ ընդունի  համընդհանուր  համաձայնութեամբ: