Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մասնակցեցաւ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութեան կազմակերպած ընդունելութեան:
Ինչպէս կը տեղեկանանք ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութիւնէն, Սերժ Սարգսեան շնորհաւորած է Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան աշխատակիցները գալիք տօներուն առիթով: «2011 թուականին մենք նորմալ ենք աշխատել, մեր գլխաւոր գծից չենք շեղուել, ամբողջ կարողութիւններով փորձել ենք պաշտպանել մեր ազգային շահերը:
Սրանով ամէն ինչ ասուած է: Մի կողմից լաւ է, որ 2011 թուականին վատ չենք աշխատել, բայց միւս կողմից էլ պարտաւորեցնող է, որովհետեւ ամէն անգամ որոշակի առաջընթաց պէտք է ունենանք եւ 2012 թուականին պէտք է աւելի լաւ արդիւնքների հասնենք: Գոնէ իմ ակնկալիքները սրանք են»,- արտաքին գործերու նախարարութեան տօնական ընդունելութեան ժամանակ ըսած է Նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Հանրապետութեան ղեկավարը ընդունելութեան մասնակիցներուն, անոնց ընտանիքներուն եւ բոլոր հարազատներուն գալիք տարուան համար մաղթած է առողջութիւն, երջանկութիւն եւ յաջողութիւններ: