Ֆրանսայի խորհրդարանի ընդունած որոշման շուրջ մեկնաբանութիւններ ստանալու դժուարութիւն չունէին մեր գործընկերները։ Հայկական ամբողջ քաղաքական ներկապնակը՝ խորհրդարանական եւ արտախորհդարանական ուժերու բազմաթիւ  ներկայացուցիչներ, ներկայ գտնուեցան  Հ.Յ.Դ. Սիմոն Վրացեան կեդրոնը, ուր տօնակատարուեցաւ  Դաշնակցութեան հիմնադրման 121-ամեակը, պատշաճ ընդունելութեամբ:

Բոլորը շնորհաւորելու զոյգ առիթներ ունէին, մի քանի ժամ առաջ ընդունուած որոշումը  հայկական պայքարի արդիւնք համարելով։
«Դաշնակցութիւնը միայն կուսակցականներու  կուսակցութիւն չէ, Դաշնակցութիւնը ստեղծուած  է մեր ժողովուրդի համար ծանր օրերին՝ մեր պատմական առաքելութիւնը իրականացնելու նպատակով, եւ մենք միայնակ չենք կարող դա իրականացնել, պէտք է իրականացնենք մեր ժողովրդի համախմբուածութեամբ եւ միասնակամութեամբ”,- ողջունելով հիւրերը ըսաւ  ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը:

“ՀՅԴ իր լուման ունի բանաձեւի ընդունման գործին մէջ” ըսաւ Վարդան Օսկանեանը

Ֆրանսայի Ազգային ժողովէն ներս  Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունումը ողջունեցին  նաեւ Հայաստանի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները:
Իսկ Հայաստանի մէջ  Ֆրանսայի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Իզապել Գինելը, որ  ներկայ գտնուեցաւ  Հ.Յ.Դ. 121-ամեակի ոգեկոչման տօնական միջոցառման,  դիտել տուաւ, որ այս օրինագիծի ընդունումը կը լրացնէ 10 տարի առաջ Ֆրանսայի կողմէ  Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրէնքի ընդունման փաստը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին  նախարար Վարդան Օսկանեանը ֆրանսական խորհրդարանի որոշումը համարեց Հայ Դատի գրասենեակներու աշխուժ աշխատանքի արդիւնք:
Oրինագիծի ընդունումը միտուած է առհասարակ մարդկութեան դէմ իրագործուած բոլոր ոճիրները  պատժելու որպէս անհրաժեշտ քայլ:

 

Նանսենի անուան յուշամետալ ստացաւ
Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմնոյ ներկայացուցիչը

Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմնոյ ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը Նանսենի հիմնադրամի կողմէ պարգեւատրուեցաւ Ֆրիտեոֆ Նանսենի անուան ոսկեայ յուշամետալով եւ  պատուոյ գիրով:
Մեծ մարդասէրի, խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի դափնեկիրի անուան յուշամետալը Արմէն Ռուստամեանին յանձնեց Հայաստանի «Ֆրիտեոֆ Նանսեն» հիմնադրամի  նախագահ Ֆելիքս Բախչինեանը: