ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Դեկտեմբեր 21ին հրաժեշտի հանդիպում մը ունեցած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէի հետ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով վերջինիս աշխոյժ գործունէութեան համար:

Հանդիպման ընթացքին Ֆասիէ վստահութիւն յայտնած է, թէ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի, եւ թէ Մինսկի խումբի ֆրանսացի համանախագահի պաշտօնին զինք փոխարինող Ժագ Ֆորը նոյնպէս պիտի շարունակէ այդ ուղղութեամբ ջանքեր ներդնել: