ԵՐԵՒԱՆ, «ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ»: Պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատը: «Զուարթնոց» օդանաւակայանին մէջ իրեն դիմաւորեց ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը: Ապա նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ ԻԻՀ նախագահի հանդիպումը:


Հայաստանի անկախացումէն ետք Իրանի հետ աստիճանաբար սկսած են հաստատուիլ սերտ, բարի դրացիական յարաբերութիւններ բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Արդիւնաւէտ համագործակցութիւն կը ծաւալի ուժանիւթի, փոխադրութեան, բնապահպանութեան, առողջապահութեան, գիւղատնտեսութեան, գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի բնագաւառներէն ներս, ինչպէս նաեւ միջ-մարզային գործակցութեան ծիրէն ներս: