Ուղեկցութեամբ հանրապետութեան առաջատար բժշկական հաստատութիւններու ղեկավարներուն եւ ոլորտի այլ մասնագէտներու, Երեւանի քաղաքապետին, առողջապահութեան նախարարին, Համաշխարհային Դրամատան երեւանեան գրասենեակի պատասխա
նատուին ու շարք մը այլ հիւրերու՝ Հ.Հ. նախագահը եւ տիկին Ռիտա Սարգսեան շրջայց կատարած են Հայաստանի մէջ արեան հիւանդութիւններու ախտորոշմամբ եւ բուժմամբ զբաղուող ոլորտի միակ մասնագիտացուած առաջատար բժշկական հաստատութեան, ծանօթացած՝ իրականացուած աշխատանքներուն, որակեալ առողջապահական ծառայութիւններու մատուցման նպատակով ստեղծուած պայմաններուն եւ կեդրոնի ընթացիկ գործունէութեան ու հետագայ ծրագիրներուն շուրջ զրուցած հաստատութեան տնօրինութեան եւ բուժանձնակազմին հետ:
Այս մասին կը յայտնեն նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն: Կեդրոնի պատասխանատուները ներկայացուցած են, որ արդիականացուած արիւնաբանական կեդրոնի կառոյցին մէջ ստեղծուած են տարածաշրջանային նշանակութեան ոսկրածուծի փոխպատուաստման բաժանմունք եւ ցօղունային բջիջներու տարրալուծարան: Հաշուի առնելով կեդրոնի բացառիկ նշանակութիւնը յատկապէս երեխաներու արեան քաղցկեղի բուժման համար` ծրագիրը իրագործուած է «Նուիրիր կեանք» բարեգործական հիմնադրամի եւ անոր հոգաբարձուներու խորհուրդի պատուոյ նախագահ տիկին Ռիտա Սարգսեանի յանձնառութեան ու ներդրած ջանքերուն շնորհիւ:
Հիմնանորոգուած է կեդրոնի եօթ-յարկանի մասնաշէնքը, կառուցուած է նոր եռայարկ մասնաշէնք: Արդիականացման աշխատանքները իրականացուած են Հ.Հ. առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ` Հ.Հ. կառավարութեան եւ Համաշխարհային Դրամատան տնտեսաւորմամբ: Նորաբաց բժշկական կեդրոնը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ մատուցելու ժամանակակից, որակեալ եւ հասանելի բժշկական ծառայութիւններ: Հաստատութիւնը յագեցուած է անհրաժեշտ ժամանակակից բժշկական սարքաւորումներով, որոնց զգալի մասը բացառիկ են իրենց նշանակութեամբ եւ միակն են հանրապետութեան մէջ: