«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ 2016 թուականի ընթացքին հիմնադրամը առանձնատուներ կառուցած է եւ դեռ կը կառուցէ Արցախի 5 եւ աւելի զաւակ ունեցող ընտանիքներուն համար: Այս նպատակին ուղղուած են Հեռուստամարաթոն 2015ի ընթացքին
հաւաքուած գումարներու մէկ մասն ու անհատ բարերարներու նուիրատուութիւնները:
Ընդհանուր կառուցուած է եւ կը կառուցուի 28 առանձնատուն Արցախի ամենատարբեր համայնքներու մէջ, ներառեալ՝ Մարտակերտ, Մարտունի, Որոտան Աւետարանոց, Վանք, Նոր Հայկաջուր, Ճանկաթաղ, Մուշկապատ,Ճարտար, Խանձաձոր, Մեծ Թաղեր, Ակնաբերդ, Ճարեքթար, Եղեգնուտ, Միրիկ, Բերդիկ, Քրասնի, Չափար, Կուսապատ, Մայրամաձոր, Նորագիւղ, Վարանդա, Վուրգավանդ քաղաքային եւ գիւղական համայնքներուն մէջ:
Ինը առանձնատուն լիովին կահաւորուած եւ պատրաստ է շահագործման: Ճարտար, Քրասնի, Մարտակերտ, Մարտունի եւ Ճանկաթաղ համայնքներուն մէջ բնակող վեց բազմազաւակ ընտանիքներ արդէն նշած են իրենց բնակարանամուտը։
Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ տեղական մարմիններու համատեղ նիստի որոշմամբ, 2016 թուականի Նոյեմբեր 24ին կայանալիք հեռուստամարաթոնի արդիւնքով հաւաքուած գումարները կը նպատակաուղղուին Արցախի տուժած բնակավայրներու վերականգնման, խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան ու պաշտպանութեան ուղղուած միջոցառումներուն: Կը շարունակուի Արցախի բազմազաւակ ընտանիք ներունհամար առանձնատուներու կառուցումը: