Պելճիքայի Ծերակոյտի նախագահ Քրիսթին Տըֆրէյն Պելճիքայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու անհրաժեշտութիւն կը տեսնէ:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ հանդիպումէն ետք, լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին, Պելճիքայի Ծերակոյտի նախագահը նշած է, որ Պելճիքայի խորհրդարանը եւրոպական խորհրդարաններուն մէջ առաջիններէն մէկն էր, որ 1998ին որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող ուժեղ բանաձեւ մը: «Եւ մենք նոյնիսկ քայլեր կատարեցինք աւելի յառաջ երթալու եւ Ցեղասպանութեան ժխտման համար քրէական պատասխանատուութիւն սահմանելու:
Մենք բաւական կանուխ սկսանք աշխատելու այդ ուղղութեամբ: Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը պէտք է գնահատուի իբրեւ յանցագործութիւն: Այն ժամանակ մենք չհասանք մեր նպատակին, սակայն ես կը կարծեմ, որ Պելճիքայի տարբեր մակարդակի խորհրդարաններու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւներու որդեգրումով՝ մենք պիտի հասնինք մեր նպատակի իրագործման»,- ըսած է ան:
Ան աւելցուցած է, որ խօսքը այն մասին չէ, որ խորհրդարանները պիտի թելադրեն պատմութիւնը, այլ ուղղակի անհրաժեշտ է պատմութիւնը փոխանցել նոր սերունդներուն, որպէսզի մէկ անգամ ընդմիշտ դատապարտուին ցեղասպանութեան բոլոր արարքները:
«Մեր երկիրները պէտք է երթան դէպի ապագայ: Ես կը կարծեմ, որ մեր ժողովուրդները ունին նոյնանման արժէքներ, եւ ես նաեւ կը կարծեմ, որ մենք միասին կրնանք շարունակել այդ ճամբան»,- աւելցուցած է Պելճիքայի Ծերակոյտի նախագահը:
Քրիսթին Տըֆրէյն նշած է, որ Եւրոպայի դռները Հայաստանի առջեւ միշտ բաց են: «Մենք կը հասկնանք, որ Հայաստանը կը գտնուի աշխարհաքաղաքական բարդ դիրքի մէջ, սակայն պէտք է ըսեմ, որ Եւրոպայի դռները միշտ բաց են բանակցութիւններու, որեւէ մարզի մէջ աշխատանքի եւ միասնական զարգացման համար: Պելճիքան ջանքեր պիտի չխնայէ` սատարելու Հայաստանին իր որոշումներուն մէջ»,- յայտնած է ան: