Ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտութեան զօրքերու շփման գիծի տարբեր հատուածներուն մէջ, թշնամին 25 Հոկտեմբերին շարունակած է խախտել զինադադարի պահպանման դրութիւնը:
Հիւսիս-արեւելեան (Թալիշ) ուղղութեամբ, բացի հրաձգային զինատեսակներէ, ատրպէյճանական զինուժը կիրարկած է նաեւ հաստոցաւոր ինքնաշխատ նռնականետ (Հան–17): Թշնամիին կողմէ զինադադարի խախտման հետեւանքով՝ ժամը շուրջ 17:00ին, պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասներէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, մահացու հրազէնային հարուած ստացած է 1996ի ծնունդ զինուոր Գուրգէն Աւետիքի Այվազեան: