Հիմնադրամի 2016ի դրամահաւաք քարոզարշաւը կը մեկնարկէ Հայփոստի հետ համատեղ իրականացուող դրամահաւաք-ձեռնարկով, որ այս տարի կ՝իրականացուի «Իմ Արցախը» խորագիրին ներքոյ:
Նախորդ տարիներուն նման նուիրատւութիւններ պիտի ընդունուին Հայփոստի երեւանեան եւ մարզային բոլոր բաժանմունքներուն մէջ` հնարաւորութիւն տալով ցանկացողներուն մասնակից դառնալու Արցախի տուժած բնակավայրերու վերականգնման:
Սկսելով Հոկտեմբեր 20ին` փոստային նուիրատւութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ տարեվերջ: Մեզմէ իւրաքանչիւրին նուիրատուութիւնը նոր ծրագիրի մը սկիզբն է: