­altՌուս զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն ձմեռ­նա­յին ար­ձա­կուրդ­նե­րու ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծի հա­մար դէ­պի ­Հա­յաս­տան օ­դա­նա­ւա­յին տոմ­սե­րու ո­րոն­ման ցու­ցա­նի­շը 150% աճ ար­ձա­նագ­րած է.- Այս­պի­սի տո­ւեալ­ներ կը բե­րէ Skyscanner ո­րո­նո­ղա­կան հա­մա­կար­գը, կը հա­ղոր­դէ

civilnet.am։

Այդ ցու­ցա­նի­շով ­Հա­յաս­տան ա­ռա­ջա­տար է տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ, դէ­պի Վ­րաս­տան տոմ­սե­րու ո­րո­նու­մը ա­ճած է 57%ով, դէ­պի Ատր­պէյ­ճան` 128%ով: ­Յետ-խորհր­դա­յին միւս պե­տու­թիւն­նե­րու շար­քին են ­Մոլդո­վան` 77% եւ ­Պե­լա­ռու­սիան` 31% աճ:

Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, ինչ­պէս կը նկա­տէ «­Քո­մեր­սանտ», ձմեռ­նա­յին ար­ձա­կուրդ­նե­րու ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծի հա­մար նախ­կին խորհր­դա­յին եր­կիր­նե­րու հան­դէպ հե­տաքրքրու­թիւ­նը չա­փա­զանց մեծ աճ ար­ձա­նագ­րած է:

­Հա­կա­ռակ ա­տոր, նո­ւա­զած են ո­րո­նում­նե­րը գրե­թէ բո­լոր նա­խա­պէս գե­րա­դա­սե­լի ուղ­ղու­թիւն­նե­րով: Այդ տուեալ­նե­րը կը հաս­տա­տեն նաեւ առ­ցանց զբօ­սաշրջա­յին գոր­ծա­կա­լու­թիւն­նե­րը: