«Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութեան ծիրէն ներս Երեւանի Շահումեանի հրապարակին վրայ իրականացաւ հնաոճ ինքնաշարժներու ցուցադրութիւն։ «Ներկայացուած են իւրայատուկ եւ թանկարժէք նշումներ, որոնք եզակի են։ Դրանցից շատերն այլեւս չեն արտադր
ւում եւ սեփականատէրերն անգամ յատուկ առիթներով են դրանք օգտագործում»,- «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցին ընթացքին նշեց Հայաստանի ինքնաշարժներու ֆետերասիոնի անդամ Գոռ Խաչատրեան։
Ցուցադրութեան ներկաները ոգեւորուած էին, քանի որ մեքենաներու մէջ նստելու եւ նկարահանուելու հնարաւորութիւն ունէին։ Ցուցադրուած էր 30է աւելի ինքնաշարժ, որոնցմէ շատերը վերանորոգուած էին եւ փոխակերպուած։ Սեփականատէրներէն մէկու խօսքով՝ ռեթրօ ինքնաշարժ ունենալու համար պէտք է այն շատ սիրել, քանի որ շատ մասեր դժուարութեամբ կը գտնուին կամ չեն գտնուիր անգամ։
Հայաստանի ինքնաշարժներու ֆետերասիոնը ամէն տարի կը մասնակցի «Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութեան՝ նոր ինքնաշարժներ ներկայացնելով։