Շաբաթ՝ 8 Հոկտեմբերին, նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան հասած էր քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հրաւէրով:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրերը` նշելով, որ ուրախ է համայն հայութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ հիւրընկալելու Հայաստանի բարեկամները, որոնք ներկայ գտնուած են նաեւ Երեւանի հիմնադրման 2798ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն:
«Անշուշտ, հաճելի է բարեկամներու հետ նշել Երեւանի տարեդարձը: Մենք երախտապարտ ենք եւ միշտ կը յիշենք ու կը փայփայենք անունները բոլոր անոնց, որոնք անմասն չեն թէ՛ մեր ցաւին, թէ՛ մեր ուրախութեան»,- Փարիզի քաղաքապետին եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութեան անդամներուն ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան: Հանրապետութեան նախագահը յոյս յայտնած է, որ քաղաքապետ Անն Իտալկոյի այցելութիւնը Երեւան ըլլայ արդիւնաւէտ եւ նշանաւորուի հետագայ համագործակցութեան խորացման վերաբերեալ նոր պայմանաւորուածութիւններով:
Հանրապետութեան նախագահը գոհունակութեամբ հաստատած է, որ հայ-ֆրանսական բազմադարեայ սերտ առնչութիւնները նոր որակ ու բովանդակութիւն ստացած են Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, եւ այսօր այդ յարաբերութիւնները կը բնորոշուին իբրեւ առանձնաշնորհեալ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է բոլոր մարզերուն մէջ զարգացող եւ տարուէ տարի ամրապնդուող հայ-ֆրանսական սերտ փոխ-գործակցութիւնը` նշելով, որ վերջին տարիներու քաղաքական կանոնաւոր երկխօսութիւնը, բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւններն ու հանդիպումները, համագործակցութիւնը միջ-խորհրդարանական եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով, մշակութային, կրթական աշխոյժ կապերը, ապակենտրոնացուած համագործակցութիւնը շուրջ չորս տասնեակ քաղաքներու եւ շրջաններու միջեւ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան շրջագիծին մէջ արդիւնաւէտ աշխատանքը ամուր հիմք եւ լաւ նախադրեալներ են հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները շարունակաբար խորացնելու համար:
Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ եւ նախագահ Սերժ Սարգսեան համակարծիք եղած են, որ երկկողմ յարաբերութիւններու կայացման ու զարգացման գործին մէջ անուրանալի աւանդ ունի ֆրանսահայ համայնքը, որուն մէկ ստուար հատուածը կը բնակի Փարիզի մէջ: Հայաստանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Իտալկոյին` փարիզահայութեան նկատմամբ ուշադիր եւ մշտապէս բարեացակամ վերաբերմունքին համար` կարեւոր նկատելով անոր անձնական ներգրաւուածութիւնը նաեւ երկու բարեկամ երկիրներու մայրաքաղաքներուն միջեւ օրէ օր ամրապնդուող համագործակցութեան գործին մէջ:
Հանրապետութեան նախագահը բարձր գնահատած է Փարիզի քաղաքապետին եւ քաղաքապետարանին աջակցութիւնը Ապրիլ 24ի տարեկան յիշատակի ձեռնարկներու կազմակերպման, ինչպէս նաեւ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ 24 Ապրիլ 2015ին Իտալկոյի այցելութիւնը Երեւան:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան մեծապէս կարեւոր նկատած է Ֆրանսայի իբրեւ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի համանախագահ երկիրի ներգրաւուածութիւնը եւ նախագահ Հոլլանտի անձնական ներդրումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ` ի նպաստ մեր շրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան:
Յարգանք` Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին
Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ զետեղեց զոհերու յիշատակին, այնուհետեւ այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, որու կողքին գտնուող պուրակին մէջ խորհրդանշական ծառ տնկեց:
Անն Իտալկոյին կ՛ընկերակցէին Փարիզի քաղաքային խորհուրդին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուղղութիւններու ներկայացուցիչներէն կազմուած պատուիրակութիւնը, Երեւանի փոխ-քաղաքապետ Կամօ Արէեան, Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանը, Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան եւ քաղաքապետարանի աւագանիի անդամներ:
Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ան նշած է, որ տպաւորութիւնը շատ խոր է, երկրորդ անգամ կ՛այցելէ Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, այս անգամ` Փարիզի քաղաքային խորհուրդի աւագանիին ընկերակցութեամբ: