Իջեւանէն 19 քիլօմեթր դէպի հիւսիս, Ատրպէյճանի սահմանին վրայ կը գտնուի Սարիգիւղը։ Լեռներուն թառած գիւղին մէջ Հոկտեմբեր 1-ին տօն էր։ «Ճանաչենք, սիրենք եւ շէնացնենք մեր գիւղերը» խումբին նախաձառնութեամբ՝ տեղի ունեցաւ գիւղի վե
րանորոգուած մանկապարտէզի մասնաշէնքին բացման հանդիսութիւնը։
Սարիգիւղի մանկապարտէզը հիմնադրութեան օրէն ի վեր չէր նորոգուած: Խորհրդային տարիներուն կառուցուած մանկապարտէզը, 90-ականներու պատերազմին ժամանակ, մեծապէս տուժած էր։ Շնորհիւ իրանաբնակ բարերար Տիկ. Էլպիս Գասպարեանի անվերապահ նուիրատուութեան՝ վերանորոգուեցաւ մանկապարտէզի մէկ մասնաշէնքը, ուր կը գործէ աշակերտներուն համար նախատեսուած խոհանոց, ճաշարան, խաղասենեակ եւ ննջասենեակ։
Սարիգիւղցիները, մեծէն փոքր, տօնական տրամադրութեամբ հաւաքուած էին մանկապարտէզի բակը՝ ներկայ գտնուելու այս ուրախ հանդիսութեան։ Ներկայ էին նաեւ բարերարը եւ բազմաթիւ հիւրեր։ Սարիգիւղ համայնքի գիւղապետ Կոմիտաս Էլլարեան շնորհակալութիւն յայտնեց տիկ. Էլպիսին իր ազգանուէր նուիրատուութեան համար եւ վստահեցուց, որ մանկապարտէզի բարեկարգումէն ու վերանորոգումէն ետք գիւղի մանուկներուն թիւը վստահ աւելի պիտի շատնայ։
«... Իսկ մանկապարտէզի այսօրուայ սաները, ովքեր վաղուայ մեր սահման ու երկիր պահողներն են, կրթուելով աւելի բարեկարգ ու յարմարաւէտ պայմանների մէջ, կը լինեն աւելի կապուած իրենց հող ու ջրին»,- աւելցուց գիւղապետը։
Մանկապարտէզի տնօրէնուհին յայտնեց, թէ այս տարի աշակերտները մեծ ուրախութեամբ կու գան դպրոց։ «Ամէն տարի միշտ լինում էին մի քանի երեխաներ, որոնք չուզելով էին գալիս մանկապարտէզ, այս տարի ոչ ոք չլացեց…»,- ուրախութեամբ հաստատեց տնօրէնուհին։
Ներկայիս վերանորոգուած մասնաշէնքին մէջ կարելի է ընդունիլ 30 փոքրիկներ, սակայն գիւղին մէջ կան մանկապարտէզի տարիքի շուրջ 100 երեխայ։ Հանդիսութեան ընթացքին տիկին Էլպիս յանձն առաւ նաեւ նորոգել մանկապարտէզին երկրորդ յարկը, ուր հնարաւոր պիտի ըլլայ ընդունիլ 2-րդ խմբակ մը եւս, մօտ 30-40 մանուկներ։
Ինչպէս Հայաստանի գիւղերուն մեծ մասը, Սարիգիւղը նոյնպէս ունի բազմաթիւ չլուծուած խնդիրներ։ Գիւղացիք մինչեւ այսօր իրենց խմելու ջուրը կը կրեն մօտակայ աղբիւրներէն, իսկ ոռոգման ջուրը նոյնպէս քիչ է, որ կարելի ըլլայ զբաղիլ հողերու մշակութեամբ։ Հողերուն մեծ մասն ալ սահմանային գօտի ըլլալով չի մշակուիր։
Գործազրկութեան պատճառով տղամարդիկ կը մեկնին արտագնայ աշխատանքի։ 90-ականներու պատերազմին վնասուած Մշակութային եւ գրադարանի շէնքը վթարային վիճակի մէջ է։ Գիւղի դպրոցակաները կը ցանկան, որ գիւղը ունենայ երիտասարդական կեդրոն, ուր կարելի ըլլայ կազմակերպել ձեռնարկներ եւ մշակութային աշխատանքներ։
Սարիգիւղը եւ միւս սահմանային գիւղերը յատուկ ուշադրութեան կարիք ունին, յատկապէս պետութեան կողմէ։ Մեր սահմանամերձ գիւղերը մեր երկրի սահմանապահներն են։
Եթէ կ՛ուզենք ունենալ ամուր սահմաններով ու ապահով Հայաստան, շէնցնենք ու բարեկարգենք մեր գիւղերը։