2 Հոկտեմբերին Հայաստանի շուրջ 400 շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ:
Կապանի Հ.Յ.Դ. թեկնածուի ղեկավարման մարմինի պետ Սասուն Մանուկեանի համաձայն, նախնական տուեալներով, Հ.Յ.Դ. երեք գիւղական համայնքներու ղեկավարները վերընտրուած են` Նորաշէնիկի մէջ` Ռոմա Աւանեսեանը, Առաջաձորի` Դաւիթ Մովսէսեանը եւ Տաւրոսի` Սլաւիկ Կարապետեանը: Շիրակի մարզի Գուսանագիւղ շրջանին մէջ վերընտրուած է գործող դաշնակցական գիւղապետ Վասակ Ղազարեան: Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին հրապարակած նախնական արդիւնքներով Ղազարեան ստացած է 275 քուէ, իսկ անոր մրցակից Հ.Հ.Կ.-ի անդամ Ռոպերթ Բալաբեկեան` 243 քուէ:
Նոյն մարզի Ախուրեան համայնքին մէջ դաշնակցական գիւղապետ Արծրունի Իգիթեան շուրջ 700 քուէի առաւելութեամբ յաղթած է իր հիմնական մրցակիցին` Ախուրեանի «Ել. Ցանցեր»-ու տնօրէն, Հ.Հ.Կ.-ի անդամ Կարապետ Կարապետեանին եւ վերընտրուած գիւղապետ:
Վանաձորի աւագանիին մաս պիտի կազմեն
5 կուսակցութիւններ
2 Հոկտեմբերին Հայաստանի շուրջ 400 շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ, որոնց մասնակցած է ընտրողներուն աւելի քան 50 առ հարիւրը:
Սահմանադրութեան փոփոխութիւններէն ետք երկրի մեծութեամբ երկրորդ եւ երրորդ քաղաքներուն` Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ առաջին անգամ ըլլալով ընտրութիւնները կայացած են համամասնական ընտրակարգով:
Վանաձորի մէջ աւագանիի անդամներուն աթոռները բաժնուած են հետեւեալ կերպով` Հանրապետական կուսակցութիւն` 13, Լուսաւոր Հայաստան` 10, Հայկական վերածնունդ` 5, Բարգաւաճ Հայաստան` 3 եւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւն` 2 աթոռ: Ընտրութիւններուն մասնակցած միւս երեք կուսակցութիւնները` Համախմբումը, Քաղաքացիական պայմանագիրը եւ Հայ ազգային քոնկրեսը, չեն յաղթահարած 6 առ հարիւրի շեմը: 58 ընտրական կեդրոններու մէջ 41 հազար 189 վանաձորցի մասնակցած է քուէարկութեան, այսինքն` ընտրողներուն 42,66 առ հարիւրը:
Նախնական արդիւնքներով` Հանրապետական թեկնածուն Վանաձորի մէջ առաջին դիրքի վրայ է, բայց բացարձակ մեծամասնութիւն չունի, ինչ որ կը նշանակէ, թէ քաղաքապետ պիտի ընտրուի աւագանիի յառաջիկայ նիստին` փակ քուէարկութեամբ, հակառակ անոր որ իշխող կուսակցութեան թեկնածու Մամիկոն Ասլանեան ընտրութիւններուն օրուան կէս գիշերը անց Դիմատետրի իր էջին վրայ շնորհաւորած էր բոլոր վանաձորցիները` հաստատելով, որ ինք «տարբերակում պիտի չդնէ վանաձորցիներուն միջեւ եւ պիտի ըլլայ բոլորին քաղաքապետը»:
Վանաձորցիները բաւական աշխուժ կերպով մասնակցած են ընտրութիւններուն: Թէեւ ընդդիմադիրները ահազանգած էին այն մասին, որ տարբեր ընտրախախտումներ արձանագրուած են, բայց թիւ 30 ընտրատարածքային ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Պապանեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է, որ ինք անձամբ հետեւած է, եւ որ ահազանգներուն մեծ մասը կեղծ է:
Հ.Հ.Կ. փոխնախագահ Արմէն Աշոտեան դիտել տուած է, որ իրենք պիտի գործակցին Դաշնակցութեան հետ: «Առաջին քայլով մենք պիտի ձգտինք Հ.Յ.Դ.-ի հետ համագործակցութեան եւ կ՛ունենանք 15 աթոռ: Ունինք եւս 2 աթոռի կարիք», դիտել տուած է Արմէն Աշոտեան:
Գիւմրիի աւագանիի 33 աթոռները` 4 քաղաքական ուժերու
Գիւմրիի մէջ 2 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն, նախնական արդիւնքներով, 6 առ հարիւրի շեմը յաղթահարած են «Բալասանեան» դաշինքը, Բարգաւաճ Հայաստան, Հայկական վերածնունդ եւ Գ.Ա.Լ.Ա. կուսակցութիւնները:
Այսպիսով, աւագանիի 33 աթոռներէն բաժին պիտի հասնի այս չորս քաղաքական ուժերուն` իրենց ստացած քուէներուն համաձայն: Ընտրութիւններուն մասնակից միւս 7 կուսակցութիւնները ստացած են 1-էն 5 առ հարիւր:
Քուէարկութեան մասնակցած է շուրջ 46 հազար ընտրող` գրեթէ նոյնքան, որքան նախորդ ընտրութիւններուն: