­altՀա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի յանձ­նա­րա­րու­թեամբ, սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մէն տու­ժած բնա­կիչ­նե­րուն ա­ջակ­ցե­լու նպա­տա­կով՝ մօ­տիկ ա­պա­գա­յին եր­կու օ­դա­նաւ պի­տի ա­ռա­քո­ւի ­Սու­րիա, մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեամբ լե­ցուն:

 

 

Այս մա­սին նշո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան հրա­պա­րա­կած հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ։ Ն­շո­ւած է նաեւ, որ ­Հա­յաս­տան շատ մտա­հոգ է վեր­ջին օ­րե­րուն ­Սու­րիոյ մէջ պա­տե­րազ­մա­կան ի­րա­վի­ճա­կի յա­ւե­լեալ սրու­մով։ «Ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ան­հանգս­տու­թիւն է պատ­ճա­ռում յատ­կա­պէս ­Հա­լէ­պի, այդ թւում նաեւ հա­յաբ­նակ թա­ղա­մա­սե­րի խա­ղաղ բնակ­չու­թեան դէմ զէն­քի խիստ դա­տա­պար­տե­լի կի­րա­ռու­մը, ո­րի հե­տե­ւան­քով կան մարդ­կա­յին մե­ծա­թիւ կո­րուստ­ներ:

«­Մեր խո­րին ցա­ւակ­ցու­թիւնն ու զօ­րակ­ցու­թիւնն ենք յայտ­նում զո­հո­ւած­նե­րի եւ տու­ժած­նե­րի ըն­տա­նիք­նե­րին եւ հա­րա­զատ­նե­րին: ­Յոյս ենք յայտ­նում, որ սի­րիա­կան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցում ներգ­րա­ւո­ւած բո­լոր կող­մերն ա­ռա­ւել վճռա­կան կը լի­նեն ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ միաս­նա­կան պայ­քա­րում եւ հաս­տա­տուն՝ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րի մի­ջո­ցով խա­ղա­ղու­թեան վե­րա­կանգն­մա­նը»,- նշո­ւած է հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ: