­altՍեպ­տեմ­բեր 28ին, Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան «Իմ ­Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան փա­ռա­տօ­նի ծի­րէն ներս, ­Կո­մի­տա­սի ա­նո­ւան կա­մե­րա­յին ե­րաժշ­տու­թեան տան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «100+1» խո­րա­գի­րով հա­մեր­գը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­

րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան:

Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան մա­մու­լի եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան վար­չու­թեան փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ հա­մեր­գը վա­րեց Հ.Հ. վաս­տա­կա­ւոր լրագ­րող ­Սար­գիս ­Նա­ճա­րեան:

Հն­չե­ցին ­Կո­մի­տա­սի, ­Սա­յաթ-­Նո­վա­յի, Առ­նօ ­Բա­բա­ջա­նեա­նի, Է­դո­ւարդ ­Միր­զո­յեա­նի, ­Մա­կար Եկ­մա­լեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, զորս կա­տա­րե­ցին ­Կա­րի­նէ ­Հել­ման-­Գէոր­գեան եւ Ք­րիս­թեր ­Վիկ­մարք (­Շուէտ), ­Նա­րէն (­Լի­բա­նան), ­Սօ­սէ Գ­րի­գո­րեան (Իս­րա­յէլ), Ա­տել Ազ­րո­յեան (­Ռու­սաս­տան), ­Մա­րի­նա ­Պէր­պէ­րեան եւ Ի­ռե­նա ­Քոֆ­ման (Ա.Մ.Ն.), Ա­րամ ­Խո­րո­զեան (­Սու­րիա), ­Սար ­Սարգ­սեան (Ար­ցախ):

Ըն­թեր­ցո­ւե­ցան ­Պետ­րոս ­Դու­րեա­նի, ­Վա­հան ­Թէ­քէ­յեա­նի, ­Սիա­ման­թո­յի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը: ­Լի­բա­նա­նէն հայ­րե­նա­դարձ աս­մուն­քող ­Յա­կոբ ­Գու­յում­ճեան հան­դի­սա­տե­սին ներ­կա­յա­ցուց Ե­ղի­շէ ­Չա­րեն­ցի «Ես իմ ա­նուշ ­Հա­յաս­տա­նի» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը:

Ս­տա­ֆա­նիա ­Թօ­փա­լեան (­Ճա­փոն) եւ ­Վա­հէ ­Թիլ­պեան (Ե­թով­պիա) կա­տա­րե­ցին 2015թ. Եւ­րո­տե­սի­լի մէջ ­Հա­յաս­տա­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ ­տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած «­Մի ժխտիր» եր­գը: Ե­լոյթ ու­նե­ցաւ Ա­րա­րա­տեան հայ­րա­պե­տա­կան թե­մի «­Ծաղ­կա­զարդ» հա­մոյ­թը, քա­նո­նա­հա­րու­հի՝ Հ.Հ. ժո­ղովր­դա­կան ա­րուես­տա­գի­տու­հի ­Յաս­միկ ­Լէյ­լո­յեան, Հ.Հ. մշա­կոյ­թի վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծիչ, եր­գա­հան Ա­նա­հիտ ­Շահ­զա­տէ­յեան եւ այլք:

­Հա­մեր­գի ա­ւար­տին ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան: