29 Սեպտեմբերին կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ Հայաստանի 2017-ի պետական պիւտճէի նախագիծին: Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարին յանձնարարուած է անհրաժեշտութեան պարագային նախագիծին մէջ կատարել ուղղումներ եւ ներկայացնել
Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմին, ուր նախագիծի վերամշակուած տարբերակը, սահմանուած կարգով, պիտի ներկայացուի Հայաստանի Ազգային ժողովին:
Ելեւմուտքի նախարար Վարդան Արամեան ներկայացուցած է 2017-ի պետական պիւտճէի նախագիծը, որ պիտի կազմէ 1.244 եռիլիոն դրամ (առանց միջպիւտճէական փոխանցումներէ ստացուող մուտքերու) եկամուտներ, 1.395 եռիլիոն դրամ (2,9 միլիառ տոլար – առանց միջպիւտճէական փոխանցումներու) ծախսեր, պակասուրդը` շուրջ 150 միլիառ դրամ (300 միլիոն տոլար): Հայաստանի 2017-ի ռազմական պիւտճէն 209.755.268.400 դրամ է (շուրջ 439,7 միլիոն տոլար), որմէ ռազմական պաշտպանութեան մասը` 202.046.175.100 դրամ, արտաքին ռազմական օգնութեան բաժինը` 164.647.800 դրամ:
Հայաստանի 2016-ի ռազմական պիւտճէն 208.014.971.000 դրամ է:
Անդրադառնալով պետական պիւտճէի նախագիծին` Կարէն Կարապետեան նշած է. «Մենք բաւականին կոշտ պիւտճէ կը նախատեսենք 2017 թուականին, թիւերը կը խօսին այդ մասին: Մօտ 70 միլիառ կը նախատեսենք եկամուտներու աճ եւ մօտ 100 միլիառ` ծախսերու նուազեցում: Այն բոլոր հարցադրումները, որ կը հնչեցնենք կառավարման, ծախսերու նուազեցման վերաբերեալ, շատ իրական են»:
Գործադիրը համաձայնութիւն տուած է նաեւ պետական պիւտճէին մէջ ներառուող 2017-ի տարեկան ծրագիրներուն, յատկապէս` սահմանամերձ շրջաններու զարգացման, Հայաստանի մէջ թմրամոլութեան եւ թմրեցուցիչի ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարին, հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու ընկերային պաշտպանութեան եւ այլն: