altԵր­կու­շաբ­թի՝ 26 ­Սեպ­տեմ­բեր 2016ին, Ա­րամ ­Խա­չա­տու­րեա­նի ա­նո­ւան մեծ հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ւե­տա­րա­նա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ 170ա­մեա­կին եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգն­ման 25ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած

յո­բե­լի­նա­կան գլխա­ւոր տօ­նախմ­բու­թիւ­նը` սե­նե­կա­յին ե­րաժշ­տու­թեան ազ­գա­յին կեդ­րո­նի «­Հո­վեր» երգ­չա­խում­բին եւ ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան սե­նե­կա­յին նո­ւա­գա­խում­բին մաս­նակ­ցու­թեամբ:

­Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին աշ­խար­հի տար­բեր կող­մե­րէ ­Հա­յաս­տան հա­սած հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­վիւ­նե­րը, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան եւ հո­գե­ւոր բարձ­րաս­տի­ճան այ­րեր:

­Տօ­նախմ­բու­թեան ըն­թաց­քին շնոր­հա­ւո­րա­կան ու­ղերձ­նե­րով հան­դէս ե­կան Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ Ա­ւե­տա­րան­չա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թեան նա­խա­գահ վեր. ­Նա­զա­րէթ ­Տա­րագ­ճեան եւ գոր­ծա­դիր տնօ­րէն ­Զա­ւէն ­Խան­ճեան, ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Խոր­հուր­դի (Հ.Ա.Հ.Խ.) գոր­ծա­դիր տնօ­րէն վեր. դոկտ. ­Վա­հան ­Թու­թի­կեան, իսկ փակ­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Հ.Ա.Հ.Խ.ի նա­խա­գահ վեր. Մկր­տիչ ­Գա­րա­կէօ­զեան:

­Տօ­նախմ­բու­թեան ա­ւար­տին հնչեց Եկ­մա­լեա­նի «­Հայր ­Մեր» շա­րա­կա­նը, ո­րուն կա­տար­ման յոտնկայս միա­ցաւ ամ­բողջ սրա­հը:
­Հան­դի­սու­թիւ­նը եզ­րա­փա­կո­ւե­ցաւ վեր. Մկր­տիչ ­Գա­րա­կէօ­զեա­նի օրհ­նու­թեան խօս­քով: