Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան 25 Սեպտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Պելճիքա:
Այդ ծիրին մէջ Կարէն Միրզոյեան 26 Սեպտեմբերին Պրիւքսէլի Հայ դատի գրասենեակին մէջ հանդիպում ունեցած է Հ.Յ.Դ.
Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Գասպար Կարապետեանի եւ կառոյցի անդամներուն հետ:
Նախարարը գոհունակութիւն յայտնած է հայկական կազմակերպութեան հետ առկայ համագործակցութեան բարձր մակարդակին համար, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատած է անոր գործունէութիւնը` Եւրոպայի մէջ Արցախի շահերուն պաշտպանութեան առումով:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձ կատարած են երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու, մանրամասնօրէն քննարկած են հետագայ ծրագիրները: Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, Արցախի Հանրապետութիւն-Եւրոպական խորհրդարան բարեկամական խումբի անդամներ Դաւիթ Մելքումեան եւ Հայկ Խանումեան: