alt«­Հայ­փոստ Թ­րասթ ­Մե­նեճ­մընթ» Փ.Բ.Ը.ը շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրած է 2 նա­մա­կա­նիշ` նո­ւի­րո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգն­ման 25ա­մեա­կին:

 

«­Հայ­փոստ» Փ.Բ.Ը.ի մա­մու­լի ծա­ռա­յու­թեան փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ մար­ման պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցած է Հ.Հ. ­Նա­խա­գա­հի նստա­վայ­րին մէջ: ­Մա­րու­մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան:

­Նա­մա­կա­նիշ­նե­րը ու­նին 200 եւ 300 Հ.Հ. դրամ ա­նո­ւա­նա­կան ար­ժէք, տպո­ւած են Ֆ­րան­սա` «­Կար­տոր» տպա­րա­նին մէջ: 200 դրամ ա­նո­ւա­նա­կան ար­ժէ­քով նա­մա­կա­նի­շին վրայ պատ­կե­րուած են «25ա­մեակ» եւ «Ան­կա­խու­թիւն» ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ծա­ծա­նո­ւող ե­ռա­գոյն դրօ­շը կա­պոյտ եր­կին­քի խո­րա­պատ­կե­րին` խորհր­դան­շե­լով երկ­րի 25ա­մեայ ան­կա­խու­թիւ­նը եւ պե­տա­կա­նու­թիւ­նը:

300 դրամ ա­նո­ւա­նա­կան ար­ժէ­քով նա­մա­կա­նի­շին վրայ պատ­կե­րո­ւած է «25ա­մեակ» ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը, որ կազ­մո­ւած է Ե­րե­ւան քա­ղա­քի պատ­կեր­նե­րու քոլ­լա­ժի տես­քով` ցոյց տա­լով նո­րան­կախ պե­տու­թեան զար­գա­ցու­մը այս 25 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին:

­Նա­մա­կա­նիշ­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման հե­ղի­նակ­ներն են «­Հայ­փոստ Թ­րասթ ­Մե­նեճ­մընթ» Փ.Բ.Ը. կա­ռա­վա­րող տնօ­րէն ­Խո­ւան ­Փապ­լօ ­Կե­չի­ճեան եւ «­Հայ­փոստ» Փ.Բ.Ը.ի ձե­ւա­ւո­րող­ներ ­Վա­հագն Մկրտ­չեան եւ ­Դա­ւիթ ­Տով­լա­թեան: