Սեպտեմբեր 20ին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ընդունեց Ֆրանսական Հանրապետութեան Ծերակոյտի անդամ, Ալֆորվիլլի քաղաքապետ Լիւկ Կառվունասի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Ողջունելով հիւրերը՝ Ազգա
յին Ժողովի նախագահը բարձր գնահատեց ֆրանսական խորհրդարանականներուն հետ կապերը, մասնաւորապէս «Ֆրանսա-Ղարաբաղ» բարեկամութեան շրջանակի գործունէութիւնը՝ Արցախին սատարելու հարցով:
«Մեզ համար ազատութիւնը մեր իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պաշտպանելու միակ միջոցն է»,- ընդգծեց Աշոտ Ղուլեան: Շնորհակալութիւն յայտնելով պատուիրակութեան անունով՝ ծերակուտական Լիւկ Կառվունաս նշեց, որ Ֆրանսային եւ Լեռնային Ղարաբաղին կը միաւորէ ազատութեան ու անկախութեան ձգտումը եւ համոզմունք յայտնեց, որ պիտի յաջողին ընդլայնել համագործակցութեան շրջանակները:
«Մեզ կը պատկանի Մարդու Իրաւունքներու Համընդհանուր Հռչակագիրը, հետեւապէս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիրը նաեւ մեր խնդիրն է»,- ընդգծեց Լիւկ Կառվունաս: Պատուիրակութեան Արցախ այցին կ’ուղեկցէր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի գրասենեակի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրոյ Մանոյեան: