altԱր­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան ­Սեպ­տեմ­բեր 17ին ­Հադ­րու­թի շրջա­նի ­Տող գիւ­ղին մէջ մաս­նակ­ցած է Ար­ցա­խեան գի­նիի 3րդ ­փա­ռա­տօ­նին: Այս մա­սին կը յայտ­նեն Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան գլխա­ւոր

վար­չու­թե­նէն:

Երկ­րի ղե­կա­վա­րը գո­հու­նա­կու­թեամբ նշած է, որ գի­նիի փա­ռա­տօ­նի ի­րա­կա­նա­ցու­մը դար­ձած է ա­ւան­դա­կան եւ ար­դէն իսկ ակն­յայտ դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւն ու­նի տե­ղա­կան ար­տադ­րան­քի խթան­ման վրայ:

Փա­ռա­տօ­նի կազ­մա­կերպ­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը Լ.Ղ.Հ. տնտե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեանն է: Տ­նա­յին տնտե­սու­թիւն­ներն ու ար­տադ­րող­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն ի­րենց պատ­րաս­տած գի­նին ու գիւ­ղա­ցիա­կան այլ ար­տադ­րանք­ներ: