alt«­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մը ­Թո­րոն­թո­յի իր տե­ղա­կան մարմ­նի մի­ջոց­նե­րով մաս­նա­կի վե­րա­նո­րո­գում կ’ի­րա­կա­նաց­նէ ­Մա­տա­ղիս հա­մայն­քի (Լ.Ղ.Հ. ­Մար­տա­կեր­տի շրջան) միջ­նա­կարգ դպրո­ցին մէջ: Ե­ռա­յարկ այս կրթօ­ճա­խը կա­ռու­ցո­ւած է ­Թո­րոն­թո­յի մեր

հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հա­ւա­քած գու­մար­նե­րով 2005-2006 թո­ւա­կան­նե­րուն: Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ հիմ­նադ­րա­մի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քը:

«­Հեր­թա­կան աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցի ըն­թաց­քին պարզ դար­ձաւ, որ դպրո­ցը մաս­նա­կի վե­րա­նո­րոգ­ման կա­րի­քը ու­նի»,- կը պար­զա­բա­նէ հիմ­նադ­րա­մի ­Թո­րոն­թո­յի տե­ղա­կան մարմ­նի ա­տե­նա­պետ Մկրտիչ Մկր­տի­չեան: «Աշ­խա­տանք­նե­րը կը մօ­տե­նան ա­ւար­տին եւ ու­սում­նա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ար­դէն իսկ կ’ըն­թա­նայ բնա­կա­նոն պայ­ման­նե­րու մէջ»:

­Մաս­նա­կի վե­րա­նո­րո­գում­ներ կա­տա­րո­ւած են տա­նի­քի, սան­հան­գոյց­նե­րու մա­շո­ւա­ծու­թիւ­նը վե­րաց­նե­լու նպա­տա­կով: ­Տե­ղադ­րո­ւած են նոր դռներ ու լու­սա­մուտ­ներ: ­Մի­ջանցք­նե­րու եւ դահ­լի­ճի յա­տակ­նե­րը պա­տո­ւած են որ­ձա­քա­րով, ի­րա­կա­նա­ցո­ւած են ար­տա­քին յար­դար­ման աշ­խա­տանք­նե­րը:

«­Նո­րոգ­ման այս աշ­խա­տանք­նե­րը ա­ւե­լին են հա­մայն­քի հա­մար, քան պար­զա­պէս դպրո­ցի նո­րո­գում»,- կ’ը­սէ դպրո­ցի ե­րի­տա­սարդ տնօ­րէն ­Գե­ղամ Ա­ղա­ջա­նեան: «Ա­մէն ան­գամ, երբ յի­շում եմ այն փոք­րիկ կա­ռոյ­ցը` այ­սօ­րո­ւայ ման­կա­պար­տէ­զի շէն­քը, որ­տեղ ես եմ ու­սա­նել, մտա­ծում եմ, որ սա իս­կա­կան պար­գեւ է մեր ա­շա­կերտ­նե­րի հա­մար»:

Այս հա­մայն­քին նկատ­մամբ թո­րոն­թո­հա­յե­րու ու­շադ­րու­թեան վկա­յու­թիւնն է նաեւ ամ­րան սկիզ­բը թո­րոն­թո­հայ բա­րե­րար ­Պերճ ­Լու­լե­ցեա­նի կող­մէ նո­ւի­րա­բե­րո­ւած շտա­պօգ­նու­թեան մե­քե­նան: ­Մէկ շտա­պօգ­նու­թեան մե­քե­նայ ալ բա­րե­րա­րը 2014թ­.ին նո­ւի­րած էր նոյն շրջա­նի ­Նոր ­Մա­րա­ղա գիւ­ղին: