Սեպտեմբեր 13ի երեկոյեան, Ազգային Ժողովի 5 խմբակցութիւններուն միջեւ ստորագրուած է Հ.Հ. ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու շուրջ նոր համաձայնագիր:
Այս մէկը խորհրդարանական խմբակցութիւններուն միջեւ ստորագրուած ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու վերաբերեալ երկրորդ համաձայ
նագիրն է: Առաջինը, ըստ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին՝ կարելի չէր կեանքի կոչել ժամանակի սղութեան եւ թեքնիք խնդիրներու պատճառով:
Համաձայնագիրը ստորագրած են Ազգային ժողովի ընդդիմադիր Հայ Ազգային Կոնգրէս, «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Օրինաց Երկիր» խմբակցութիւնները, ինչպէս նաեւ իշխանութեան Հանրապետական եւ Դաշնակցութիւն խմբակցութիւնները:
Ըստ այս երկրորդ փաստաթուղթին՝ կ՚իրագործուի ընդդիմադրութեան վերջին 13 տարիներու գլխաւոր պահանջը` կը հրապարակուին ընտրողներու ստորագրած ցուցակները, ինչպէս նաեւ կը կատարուի ընտրութեան եւ ձայներու հաշուարկի ընթացքին նկարահանումը: Համաձայնագիրը դեռ պէտք է հաստատուի Ազգային Ժողովին կողմէ: