altՀա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեան իր պաշ­տօ­նը ստանձ­նե­լէն ետք 15 ­Սեպ­տեմ­բե­րին, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, վա­րած է ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հեր­թա­կան նիս­տը:

 

­Նախ­քան նիս­տի օ­րա­կար­գա­յին հար­ցե­րու քննար­կու­մը, ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տը կա­տա­րած է հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը.- «Ա­ռա­ջի՛­նը. շատ կը խօ­սո­ւի հան­րու­թիւ­նը բա­ւա­կան հե­տաքրք­րող նիւ­թի` փտա­ծու­թեան դէմ պայ­քա­րի մա­սին:

­Մենք կ­՛աշ­խա­տինք, կը ստեղ­ծենք հա­մա­պա­տաս­խան նոր յանձ­նա­խում­բեր, որ­պէս­զի հա­մադ­րեն այդ աշ­խա­տան­քը: ­Բայց այս պա­հուն կ­՛ու­զեմ ­Պե­տա­կան Ե­կա­մուտ­նե­րու ­Կո­մի­տէին տալ յանձ­նա­րա­րա­կան. նախ եւ ա­ռաջ մեր նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րը պէտք է կա­տա­րեն ի­րենց գոր­ծա­ռոյթ­նե­րը: ­Մեկ­նե­լով ատ­կէ` ա­պա­հո­վել ոչ-կար­գա­պահ եւ ար­տօ­նեալ ըն­կա­լո­ւող խո­շոր ար­տադ­րող­նե­րու եւ ներ­մու­ծող­նե­րու կող­մէ հար­կա­յին կար­գա­պա­հու­թեան ան­վե­րա­պահ կա­տա­րու­մը:

Երկ­րո՛րդ. հար­կա­յին ստու­գում­նե­րը պէտք է ի­րա­կա­նա­ցո­ւին բա­ցա­ռա­պէս վտան­գա­ւոր նկա­տո­ւող կա­ռոյց­նե­րու մէջ, փոքր եւ մի­ջին ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րուն անդ­րա­դառ­նալ ծայ­րա­յեղ պա­րա­գա­նե­րու, մաք­սա­յին ծա­ռա­յող­նե­րու կա­րե­լի ա­ռար­կա­յա­կան վար­քա­գի­ծի բա­ցա­ռում եւ գոր­ծու­նէու­թեան թա­փան­ցի­կու­թեան ա­պա­հո­վում: Աշ­խա­տա­կազ­մին` նա­խա­պատ­րաս­տել ա­ւե­լի ման­րա­մասն յանձ­նա­րա­րա­կան, բայց այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, պա­րո՛ն ­Յով­սէ­փեան, դուք պէտք է կա­տա­րէք ա­ռանց գոր­ծառ­նու­թիւն­նե­րու հա­մար խո­չըն­դոտ ստեղ­ծե­լու: Ո­րե­ւէ ձե­ւա­կեր­պում, ո­րե­ւէ ստու­գում պէտք չէ խան­գա­րէ ի­րենց ա­մէ­նօ­րեայ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը:

«Երկ­րոր­դը` ըն­կե­րա­յին բա­ժի­նով. կ­՛ա­ռա­ջար­կեմ հան­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը կար­գա­ւո­րող յանձ­նա­խում­բին, ու­ժա­նիւ­թի եւ բնա­կան պա­շար­նե­րու, աշ­խա­տան­քի եւ ըն­կե­րա­յին հար­ցե­րու նա­խա­րար­նե­րուն` միա­սին քննար­կել եւ ա­ռա­ջարկ­ներ ներ­կա­յաց­նել կա­զի եւ ու­ժա­նիւ­թի սա­կագ­նա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­տե­սու­թեան մա­սին:

­Խօս­քը կը վե­րա­բե­րի այն աշ­խա­տան­քին, որ ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով պէտք է նո­ւա­զեց­նել ըն­կե­րա­յին գետ­նի վրայ ա­նա­պա­հով խա­ւե­րու հա­մար սահ­մա­նո­ւած սա­կա­գի­նը` ի հա­շիւ այլ սպա­ռող­նե­րու, տրա­մա­բա­նա­կան: Ա­պա­հո­վել սա­կա­գի­նե­րու խթա­նիչ ազ­դե­ցու­թիւ­նը ա­ռեւ­տու­րի, յատ­կա­պէս գիւ­ղատնտե­սու­թեան եւ վե­րամ­շա­կող ճիւ­ղե­րու հա­մար: «­Յանձ­նա­րա­րա­կա­նը նոյն­պէս պի­տի ձե­ւա­կեր­պո­ւի, ժամ­կէտ­նե­րը պի­տի սահ­մա­նո­ւին: Այս ա­մէ­նը պէտք է ը­նել ո՛չ ի հա­շիւ պիւտ­ճէին, այլ ի հա­շիւ տնտես­վա­րող կա­ռոյց­նե­րու, ո­րոնք այդ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը կը մա­տու­ցեն»:

­Նիս­տին ըն­թաց­քին քննար­կուած է «­Տե­ղա­կան տուր­քե­րու եւ վճար­նե­րու մա­սին» ­Հա­յաս­տա­նի օ­րէն­քին մէջ փո­փո­խու­թիւն­ներ եւ լրա­ցում կա­տա­րե­լու վե­րա­բե­րող օ­րէն­քի նա­խա­գի­ծը, որ ար­ժա­նա­ցած է կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մա­ձայ­նու­թեան:
Օ­րի­նա­գի­ծով նա­խա­տե­սո­ւած փո­փո­խու­թիւն­նե­րը եւ լրա­ցու­մը կը վե­րա­բե­րին ա­ռեւ­տու­րի եւ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու մա­տուց­ման մար­զե­րուն մէջ գոր­ծու­նէու­թիւն կա­տա­րող փոքր եւ մի­ջին ձեռ­նար­կա­տէ­րե­րուն հա­մար բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րու ստեղծ­ման:

­Գոր­ծա­դի­րը հա­մա­ձայ­նու­թիւն տո­ւած է նաեւ «­Հա­յաս­տա­նի քրէա­կան օ­րէնս­գիր­քին մէջ լրա­ցում­ներ կա­տա­րե­լու մա­սին», «­Վար­չա­կան ի­րա­ւա­խախ­տում­նե­րու վե­րա­բե­րեալ ­Հա­յաս­տա­նի օ­րէնս­գիր­քին մէջ լրա­ցում­ներ կա­տա­րե­լու մա­սին» օ­րէնք­նե­րու նա­խա­գի­ծե­րուն:­

Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հա­մա­ձայն գտնո­ւած է նաեւ պատ­մամ­շա­կու­թա­յին յու­շար­ձան­նե­րու պահ­պա­նու­թեան, օգ­տա­գործ­ման եւ հան­րահռ­չակ­ման 2016-2020ի ռազ­մա­վա­րու­թեան եւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու ծրա­գի­րին, ո­րով նա­խա­տե­սո­ւած է ա­պա­հո­վել յու­շար­ձան­նե­րու մար­զի կա­ռա­վար­ման աշ­խա­տա­կարգ­նե­րը, ստեղ­ծել տե­ղե­կա­տո­ւա­կան միաս­նա­կան դաշտ, ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան եւ մշա­կոյ­թի ան­շարժ յու­շար­ձան­նե­րու օ­րէնսդ­րու­թիւ­նը հա­մա­պա­տաս­խա­նեց­նել մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նիշ­նե­րուն, ին­չի շնոր­հիւ պի­տի բա­րե­լա­ւո­ւի վե­րահս­կո­ղու­թիւ­նը, պի­տի դա­սա­ւո­րո­ւին տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ յա­ռա­ջաց­նող խնդիր­նե­րը:

­Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հա­մա­ձայ­նու­թիւն տո­ւած է նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ դժո­ւար կա­ցու­թիւն դի­մագ­րա­ւող ե­րե­խա­նե­րու խնամ­քի այ­լընտ­րան­քա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու հա­մա­կար­գի զար­գաց­ման հա­յե­ցա­կար­գի գոր­ծադ­րու­թեան ծրա­գի­րին: