­altՋա­ւախ­քի մէջ հա­յե­րէ­նով դա­սա­ւանդ­մամբ դպրոց­նե­րուն վե­րա­բե­րող հար­ցե­րով զբա­ղող պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը 13 ­Սեպ­տեմ­բե­րին հան­դի­պում ու­նե­ցած են եր­կօ­րեայ այ­ցե­լու­թեամբ Վ­րաս­տան գտնո­ւող ­Հա­յաս­տա­նի կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րար ­Լե­ւոն

Մկրտ­չեա­նի հետ եւ քննար­կած ­Ջա­ւախ­քի դպրոց­նե­րուն վե­րա­բե­րող հար­ցեր:

«­Նիուզ»ի հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցի ըն­թաց­քին, այս մա­սին յայտ­նած է ­Սամց­խէ-­Ջա­ւախ­քի հայ­կա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու խոր­հուր­դի հա­մա­կար­գող Ար­տակ ­Գաբ­րիէ­լեան: Ան չէ ու­զած ման­րա­մաս­նել, թէ ­Ջա­ւախ­քի դպրոց­նե­րուն առն­չո­ւած ճշգրիտ ի՛նչ խնդիր­ներ քննար­կուած են նա­խա­րա­րին հետ:

«­Վիրք» չար­ձա­նագ­րո­ւած կու­սակ­ցու­թեան հա­մա­նա­խա­գահ ­Դա­ւիթ Ռս­տա­կեան, «­Նիուզ»ի հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցի ըն­թաց­քին, անդ­րա­դառ­նա­լով ­Ջա­ւախ­քի հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու հիմ­նախըն­դիր­նե­րուն՝ նշած է, որ ա­նոնք բազ­մա­թիւ են, եւ խնդիր­նե­րը նա­խա­պէս քննար­կո­ւած են ­Ջա­ւախք այ­ցե­լած ­Հա­յաս­տա­նի կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նախ­կին նա­խա­րար Ար­մէն Ա­շո­տեա­նի հետ, սա­կայն, այդ­պէս ալ ոչ մէկ փո­փո­խու­թիւն ար­ձա­նագ­րո­ւած է:

Ա­նոր հա­մա­ձայն՝ Վ­րաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը որ­դեգ­րած են քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը, ո­րուն մի­ջո­ցով աս­տի­ճա­նա­բար ­Ջա­ւախ­քի հայ­կա­կան դպրոց­նե­րը կը վրա­ցա­կա­նա­նան: Ըստ ­Դա­ւիթ Ռս­տա­կեա­նի՝ խնդիր­նե­րէն լրջա­գոյ­նը ­Ջա­ւախ­քի հայ­կա­կան դպրոց­նե­րուն մէջ կրթու­թեան դա­սա­ւանդ­ման լե­զուն վրա­ցե­րէ­նով կա­տա­րե­լու վե­րա­բե­րեալ օ­րէն­քի ըն­դու­նումն է. «Երբ այդ օ­րէնքն ըն­դուն­ւում էր, այդ ժա­մա­նակ հայ պատ­գա­մա­ւոր­ներ ­Համ­լետ ­Պետ­րո­սեանն ու ­Հեն­զել Մ­կո­յեա­նը ստո­րագ­րե­ցին դրա տակ՝ չգի­տակ­ցե­լով հե­ռան­կար­նե­րը:

­Հայ­կա­կան դպրոց­նե­րը փա­կե­լու կա­րիք չու­նեն Վ­րաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, դրանք աս­տի­ճա­նա­բար վրա­ցա­կա­նի են վե­րած­ւում: ­Կա­րե­լի է ա­սել, որ Վ­րաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւնն այժմ հայ­կա­կան դպրոց­ներ չի պա­հում դէ իւ­րէ, սա­կայն, դէ ֆակ­տօ կան այդ դպրոց­նե­րը, քա­նի որ 90 տո­կո­սա­նոց հայ­կա­կան ­Ջա­ւախ­քում հնա­րա­ւոր չէ, որ դա­սա­ւան­դու­մը միան­գա­մից վրա­ցե­րէ­նով լի­նի: Դըպ­րոց­նե­րում գոր­ծա­վա­րու­թիւնն ամ­բող­ջու­թեամբ վրա­ցե­րէ­նով է դար­ձել ար­դէն»,- ը­սած է ան:

­Դա­ւիթ Ռս­տա­կեան նշած է, որ բա­ցի վրա­ցե­րէ­նով դա­սա­ւան­դու­մէն, ­Ջա­ւախ­քի հայ­կա­կան դպրոց­նե­րուն մէջ կա­րիք կայ նաեւ հա­յոց լե­զո­ւի ու­սու­ցիչ­նե­րու նա­խա­պատ­րաստ­ման, որ չէ կա­տա­րո­ւած:

Ա­նոր հա­մա­ձայն՝ բա­ցի այս խնդիր­նե­րէն կան նաեւ դպրոց­նե­րուն մէջ տար­բեր նիւ­թե­րու դա­սա­ւանդ­ման մե­թոտ­նե­րու, հայ­կա­կան դա­սա­գիր­քե­րու ձեռք­բեր­ման, դպրոց­նե­րու տար­րա­կան պայ­ման­նե­րու ա­պա­հով­ման խնդիր­ներ: «Ա­խալ­քա­լա­քում ու­նենք ե­րեք հայ­կա­կան դպրոց, մէկ ռու­սա­կան եւ մէկ վրա­ցա­կան, իսկ ­Նի­նոծ­մին­դա­յում եր­կու հայ­կա­կան, մէկ ռու­սա­կան եւ մէկ վրա­ցա­կան: ­Հայ­կա­կան դպրոց­նե­րում խնդիր կայ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րի նա­խա­պատ­րաստ­ման, ո­րը նոյն­պէս չի ար­ւում»,- դի­տել տո­ւած է ան։