alt9 ­Սեպ­տեմ­բե­րին, լրագ­րող­նե­րու հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցի ըն­թաց­քին, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան անդ­րա­դար­ձած է վար­չա­պետ ­Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նին,

ինչ­պէս նաեւ՝ Ար­ցա­խի վե­րա­բե­րեալ տար­բեր հար­ցե­րու:

Ըստ ա­նոր՝ ար­տա­քին ու ներ­քին այն մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, ո­րոնք ծա­ռա­ցած են ժո­ղո­վուր­դին դի­մաց, թոյլ չեն տար սպա­սե­լու մին­չեւ 2017 թո­ւա­կան` խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը, եւ խորհր­դա­րա­նա­կան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գին սա­հուն անց­նե­լու հա­մար ճիշդ է, որ այ­սօր իսկ սկսին փո­փո­խու­թիւն­նե­րը: ­Ռուս­տա­մեան դի­տել տո­ւած է, թէ ա­տի­կա նաեւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կա­րե­լիու­թիւն պի­տի տայ` աշ­խա­տե­լու նոր կա­ռա­վա­րու­թեան ծրա­գի­րին վրայ, որ­պէս­զի ա­նի­կա հա­մա­հունչ ըլ­լայ քա­ղա­քա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րին հետ, որ կնքո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան հետ:

«­Մեր հա­սա­րա­կու­թեան զգա­լի մա­սը չու­նի այդ համ­բե­րու­թիւ­նը եւ չի պատ­կե­րաց­ներ, որ 2017ին բա­րե­փո­խում­նե­րը պի­տի բե­րեն այն նպա­տակ­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման, ո­րոնք շա­տե­րը ի­րենց մտքե­րուն մէջ այ­սօր ու­նին: ­Մենք հա­մո­զում ու­նէինք, որ ո­չինչ կը խան­գա­րէ մեզ փո­փո­խու­թիւն­նե­րը այ­սօր սկսե­լու: ­Պէտք է նոր սկիզ­բի հիմ­քեր դնել, մար­դոց մօտ յոյ­սեր արթնց­նել: Այդ շրջա­գի­ծին մէջ ես կը գնա­հա­տեմ ­Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի քայ­լը` հրա­ժա­րա­կա­նը, եւ յոյս ու­նիմ, որ նոր վար­չա­պե­տը, որ բա­նի­մաց, պար­կեշտ, կիրթ եւ իր գոր­ծը լաւ գիտ­ցող անձ­նա­ւո­րու­թիւն է, ու­նի ժա­մա­նա­կա­կից մտա­ծե­լա­կերպ եւ կրնայ ա­ռաջ­նոր­դել փո­փո­խու­թիւն­նե­րը»,- յայտ­նած է Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան։

Ա­նոր կար­ծի­քով՝ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ գտնո­ւած են իշ­խա­նա­ւոր­ներ, ո­րոնք ամ­բող­ջո­վին ան­տե­սած են ի­րենց վար­կա­նի­շի բարձ­րաց­ման խնդի­րը` այն հա­մո­զու­մով, որ «ի­րենց դէմ խաղ չկայ», ինչ­պէս ալ գոր­ծեն: ­Բայց հի­մա իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը հասկը­ցած են, որ ի­րա­վի­ճա­կը փո­խո­ւած է, եւ իշ­խա­նու­թիւ­նը պա­հե­լու հա­մար պէտք է մտա­ծեն ի­րենց վար­կի բարձ­րաց­ման մա­սին եւ հա­մա­պա­տաս­խան քայ­լեր առ­նեն: «Այս ան­գամ, ան­ձե­րու փո­փո­խու­թե­նէն զատ, պէտք է փո­խո­ւի նաեւ բո­վան­դա­կու­թիւ­նը` խա­ղի կա­նոն­նե­րը, ներ-իշ­խա­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը»,- հաս­տա­տած է ­Ռուս­տա­մեան: