alt7 ­Սեպ­տեմ­բե­րին, «­Կոմ­պո­զի­տոր­նե­րի (եր­գա­հան­նե­րու) ­Միու­թեան» կեդ­րո­նին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցած է «­Հո­գե­ւոր ­Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նա­դիր հա­մա­ժո­ղո­վը, որ ո՛չ կու­սակ­ցու­թիւն է, ո՛չ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն, այլ 8 մտա­ւո­րա­կան­նե­րէ բաղ­կա­ցած

խումբ, որ ա­հա­զանգ կը հնչեց­նէ՝ աչ­քի առ­ջեւ ու­նե­նա­լով ­Վա­հան ­Տէ­րեա­նի «­Հո­գե­ւոր ­Հա­յաս­տան» պատ­մա­փի­լի­սո­փա­յա­կան հա­յե­ցա­կար­գը», ա­ւե­լի ճշգրիտ՝ ա՛յն միտ­քը, որ շատ են մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան մեղ­քե­րը, բայց այ­սօ­րո­ւան մեղ­քը կրնայ վեր­ջի­նը ըլ­լալ, եւ որ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը պէտք է հա­մախմ­բո­ւին:

«­Մենք ոչ մի ղե­կա­վա­րա­կան կամ այլ մե­խա­նիզմ­ներ (աշ­խա­տա­կարգ­ներ) չու­նենք, մենք ուղ­ղա­կի հնչեց­նում ենք զան­գը, որ կայ սպառ­նա­լիք, աշ­խար­հը գլո­բալ (հա­մընդ­հա­նուր) փո­փո­խու­թիւն­նե­րի շե­մին է եւ ինչ­պէս շատ անս­պա­սե­լի սկսո­ւեց Ա­ռա­ջին ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մը, ըն­դա­մէ­նը մէկ սպա­նու­թեամբ, չի բա­ցառ­ւում, որ մեր տա­րա­ծաշր­ջա­նում կա­րող է ա­մէն վայր­կեան ինչ-որ նոր փո­թո­րիկ­ներ լի­նեն, իսկ մենք էս­պէս թռի-վռի մի ճպու­ռի կեան­քով ապ­րե­լու կամ էս­պէս գո­յա­տե­ւե­լու ի­րա­ւուն­քը չու­նենք: Եւ մենք հնչեց­նում ենք զան­գը»,- այս հա­ւա­քի ստեղծ­ման նպա­տա­կը ներ­կա­յաց­նե­լով՝ ը­սած է «­Հո­գե­ւոր ­Հա­յաս­տան»ի նա­խա­ձեռ­նող խում­բի ան­դամ, ե­րա­ժիշտ Ե­ղի­շէ ­Պետ­րո­սեան:
­Թատ­րեր­գակ ­Խա­չիկ ­Չա­լի­կեա­նի հա­մա­ձայն՝ այս հա­մա­ժո­ղո­վին նպա­տակն է յայ­տա­րա­րել յայտ­նու­թիւ­նը նոր մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան, որ տէր կը կանգ­նի իր խօս­քին:

­Մա­յեսթ­րօ ­Տիգ­րան ­Ման­սու­րեան, որ հրա­ւի­րեալ­նե­րուն կար­գին էր, յայտ­նած է, որ այս հա­ւաքն ու ա­նոր ծրա­գի­րը իր սրտին շատ մօտ են: «­Մենք յա­ճախ անց­նում ենք ընդվ­զում­նե­րի մի­ջով, լուրջ ցա­ւե­րի մի­ջով, Աստ­ծոյ տո­ւած չար­չա­րան­քից ա­ւե­լի ցա­ւի մի­ջով, եւ ինչ­քան շատ են դրանք մեր շուրջ:

Եր­բեմն, դրա հետ ու ար­դիւն­քում գո­յա­նում է չա­րու­թիւ­նը, որն իմ խո­րին հա­մոզ­մամբ հա­զիւ թէ մեզ իս­կա­պէս ա­ռաջ­նոր­դող հան­դի­սա­նայ, քա­նի որ մենք՝ հա­յերս, աս­տո­ւա­ծա­տուր ժո­ղո­վուրդ ենք եւ մեր ճա­կա­տա­գիրն ու ճա­նա­պարհն ան­ցել է խո­նար­հու­մով, համ­բե­րու­թեամբ, եւ երբ այդ հիմ­քի վրայ գո­յա­նում է «հո­գե­ւոր ­Հա­յաս­տան» ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը, ես ա­սում եմ՝ ա­յո՛, սրա անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը կայ: ­Մենք պէտք է ի­րար շատ սի­րենք, ո­րով­հե­տեւ ա­մէն մէկս մի տե­սա­կի կրողն ենք, նոյն տե­սա­կից ե­րեք հայ չկայ, մի հայ կայ, ե­թէ մէ­կին վնա­սենք՝ տե­սակն է վե­րա­նում: ­Պէտք է սի­րենք ի­րար»,- ը­սած է ­Ման­սու­րեան։

«­Հո­գե­ւոր ­Հա­յաս­տան» հիմ­նա­դիր հա­մա­ժո­ղո­վին ներ­կա­յա­ցո­ւած է նաեւ հայ օ­փե­րա­յին երգ­չու­հի ­Յաս­միկ ­Պա­պեա­նի նա­խա­պէս ձայ­նագ­րո­ւած խօս­քը: «Ան­ցած 25 տա­րում մենք ե­ղել ենք խո­րը թմբի­րի մէջ, վատ­նել ենք այդ տա­րի­նե­րը եւ կա­ռա­վար­ման լծակ­նե­րը փրփուր­նե­րին յանձ­նե­լով ա­մա­յաց­րել ենք մեր հայ­րե­նի­քի այս փոք­րիկ եւ վեր­ջին հա­տո­ւա­ծը»,- ը­սած է ան եւ նշած, որ այ­սօր մենք կանգ­նած ենք գո­յու­թե­նա­կան խնդի­րի դէմ յան­դի­ման։

«Թ­ւում էր, թէ Ապ­րի­լեան դէպ­քե­րը պէտք է զար­թու­ցի­չի դեր կա­տա­րէին, սա­կայն դա ա­ւե­լի ցցուն դարձ­րե­ցին այն ախ­տե­րը, ո­րոնք առ­կայ են մեր երկ­րում եւ հա­սա­րա­կու­թիւ­նում, «­Սաս­նայ Ծ­ռեր»ի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ե­կաւ ա­ռա­ւել ընդգ­ծե­լու երկ­րում առ­կայ մեծ դժգո­հու­թեան ա­լի­քը»,- ը­սած է ան եւ նշած, որ ժո­ղո­վուր­դին հա­մախմ­բու­մը իս­կա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է: ­Յաս­միկ ­Պա­պեա­նի հա­մա­ձայն՝ յա­ռա­ջի­կայ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը ճա­կա­տագ­րա­կան պի­տի ըլ­լան:

«­Ժա­մա­նակն է ո՛չ միայն յաղ­թե­լու եւ վե­րապ­րե­լու, այլ ի­րեն սպա­ռած այս հա­մա­կար­գը նոր ար­ժա­նա­պա­տիւ եւ ազ­գա­յին պե­տու­թեամբ փո­խա­րի­նե­լու: Ս­րանք ճա­կա­տագ­րա­կան ժա­մա­նակ­ներ են, իսկ այդ ժա­մա­նակ­նե­րում սխա­լո­ւե­լու ի­րա­ւունք չկայ: Ս­թա­փո­ւենք, հա­մախմ­բո­ւենք եւ յաղ­թենք»,- հաս­տա­տած է ­Պա­պեան:

­Հա­յաս­տա­նի ­Գի­տու­թիւն­նե­րի Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­միա­յի պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի տնօ­րէն, ա­կա­դե­մի­կոս պատ­մա­բան Ա­շոտ ­Մել­քո­նեան հասկ­ցած է, թէ ի՛նչ կը նշա­նա­կէ հո­գե­ւոր հայ­րե­նի­քը:
«Երբ փոր­ձում եմ գնա­հա­տա­կան տալ մեր ան­ցած ու­ղուն, զգում եմ, թէ որ­քա՜ն սխալ­ներ ենք մենք թոյլ տո­ւել պատ­մա­կան զա­նա­զան ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ մեկ­նա­բա­նե­լիս եւ միշտ սխալ մեկ­նա­բա­նել ենք շրջա­դար­ձա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը՝ գնա­հա­տե­լով, որ­պէս սկու­տե­ղի վրայ մա­տու­ցո­ւած պար­գեւ­ներ»,- յայ­տա­րա­րած է Ա­շոտ ­Մել­քո­նեան:

Ազ­գագ­րա­գէտ Հ­րա­նոյշ ­Խա­ռա­տեանն ալ «­Հո­գե­ւոր ­Հա­յաս­տան» նա­խա­ձեռ­նու­թեան հիմ­նա­դիր հա­մա­ժո­ղո­վին ար­տա­սա­նած իր խօս­քին մէջ նշած է, որ հո­գե­ւոր դաս­տիա­րա­կու­թիւն ը­սե­լով միայն կ­՛ըն­կա­լո­ւի կրօ­նա­կա­նը, «ուս­տի հի­մա պէտք է հո­գե­ւոր բա­ռը փրկել»:

«Խն­դի­րը նոյ­նա­կա­նաց­ւում է, ե­րե­ւոյթ­ներ կան, ո­րոնք ուղ­ղա­կիօ­րէն չպէտք է լի­նեն եւ դա նշա­նա­կում է մեր կեան­քի ու ա­պա­գա­յի հետ խնդիր ու­նենք», ը­սած է ան՝ հարց տա­լով, թէ դահ­լի­ճին մէջ բա­ւա­կան լու­սա­ւոր մար­դիկ կան, ար­դեօք ա­նոնց­մէ մէ­կը չի՞ կրնար ձե­ւա­կեր­պել, թէ երկ­րի յա­ռա­ջի­կայ 10 տա­րո­ւան հե­ռան­կա­րա­յին ծրա­գի­րը ի՛նչ է:

«Իբ­րեւ մտա­հո­գո­ւող խնդրի է քննարկ­ւում միայն, բայց ոչ մի ծրա­գիր չկայ ժո­ղովր­դագ­րա­կան ծրագ­րե­րի ա­ռու­մով, էլ չեմ ա­սում ա­ւե­լի լուրջ խնդրի մա­սին, ­Հա­յաս­տա­նի ա­պա­գա­յի մա­սին»,- ը­սած է ան եւ նշած, որ հի­մա թէ՛ ժո­ղո­վուր­դը, թէ՛ իշ­խա­նու­թիւ­նը փա­խուստ կու տան խնդիր­նե­րու ճշդու­մէն ու ար­տա­քին մար­տահ­րա­ւէ­րէն: «­Սա մար­տահ­րա­ւէր է, ո­րի շուրջ մենք լուրջ դիր­քո­րո­շում պէտք է ու­նե­նանք»,- ը­սած է ­Խա­ռա­տեան։
«­Հո­գե­ւոր ­Հա­յաս­տան»ը կը նա­խա­տե­սէ ­Հոկ­տեմ­բե­րի ա­ւար­տին գու­մա­րել ա­ռա­ջին հա­մա­հայ­կա­կան հա­մա­ժո­ղո­վը: