­altՀա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հեր­թա­կան նիս­տի ա­ւար­տին, 8 ­Սեպ­տեմ­բե­րին, ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան յայ­տա­րա­րու­թիւն մը կա­տա­րե­լով նշեց, որ իր հրա­ժա­րա­կա­նը կու տայ:

 «Ան­կեղծ, ի­րա­տե­սա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը ի­րենց ար­դիւնք­նե­րը ու­նե­ցան, սա­կայն հա­սա­րա­կու­թիւ­նը մնաց տա­կա­ւին բե­ւե­ռա­ցո­ւած: ­Հա­սա­րա­կու­թեան եւ կա­ռա­վա­րու­թեան միաս­նա­կան ջան­քե­րը անհ­րա­ժեշտ են: Այդ պատ­ճա­ռով նոր սկիզբ պէտք է, պէտք է մտա­ծել բո­լո­րին յա­ջո­ղու­թեան մա­սին եւ ա­ռիթ տալ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան»,- ը­սաւ վար­չա­պե­տը:

­Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ա­ւել­ցուց, որ հրա­ժա­րա­կան կու տայ ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նին` հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին կա­րե­լիու­թիւն տա­լով կազ­մե­լու նոր կա­ռա­վա­րու­թիւն:
­Միւս կող­մէ՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի նիս­տին ե­լոյթ ու­նե­ցաւ կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան:

­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը, իր ե­լոյ­թի ըն­թաց­քին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով վար­չա­պետ ­Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նին, ը­սաւ.- «­Նոր քա­ղա­քա­կան մշա­կոյ­թի հա­մար ա­ռանց­քա­յին է պաշ­տօ­նա­տար ան­ձի մը կող­մէ պաշ­տօ­նին չկառ­չե­լու ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը, ե­թէ այդ պաշ­տօ­նը կա­տա­րե­լու ըն­թաց­քին դուն տո­ւած ես ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը»:

­Բարձր գնա­հա­տե­լով վար­չա­պետ ­Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նին քայ­լը` նա­խա­գա­հը ը­սաւ, թէ վար­չա­պետ Աբ­րա­հա­մեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին կրցաւ ա­պա­հո­վել տնտե­սա­կան կա­յու­նու­թիւն, զերծ պա­հել եր­կի­րը ար­տա­քին աշ­խար­հէն ե­կող բա­ցա­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու հա­ւա­նա­կան հե­տե­ւանք ցնցում­նե­րէն, ի­րա­կա­նա­ցո­ւող քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ար­դիւն­քով ա­պա­հո­վել տնտե­սա­կան այն­պի­սի ցու­ցա­նիշ­ներ, ո­րոնց ու­նե­նա­լով շատ մը եր­կիր­ներ ու­րախ պի­տի ըլ­լա­յին, սա­կայն չբա­ւա­րա­րո­ւե­լով այդ ար­դիւնք­նե­րով եւ միշտ ար­ձա­նագ­րե­լով, որ ­Հա­յաս­տա­նին անհ­րա­ժեշտ է ա­ւե­լի բարձր եւ կա­յուն, եր­կա­րա­ժամ­կէտ աճ:

­Նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան ը­սաւ.- «­Վար­չա­պետ Աբ­րա­հա­մեան փոր­ձեց պարզ մարդ­կա­յին լե­զո­ւով խօ­սիլ իր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հետ, լսեց մար­դոց ու լսո­ւած ե­ղաւ ա­նոնց կող­մէ: Ը­սեմ, որ ­Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նը կը պատ­րաս­տո­ւի աշ­խու­ժօ­րէն մաս­նակ­ցե­լու գա­լիք խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, այն­պէս որ մեր միա­ցեալ աշ­խա­տան­քը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի, ան­շո՛ւշտ: Ես կը շնոր­հա­ւո­րեմ ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեա­նը` ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան ղե­կը ստանձ­նե­լու ա­ռի­թով»:

Հ.Հ. նա­խա­գա­հը նաեւ ը­սաւ.- «­Յա­ռա­ջի­կա­յին էա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ պի­տի կա­տա­րո­ւին: ­Խօսքս նախ եւ ա­ռաջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող քա­ղա­քա­կա­նու­թեան կը վե­րա­բե­րի, ա­նոր ա­ռաջ­նա­հերթու­թիւն­նե­րուն, նպա­տա­կադ­րում­նե­րուն` նաեւ նո­րա­ցո­ւած սահ­մա­նադ­րու­թեան պա­հանջ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խա­նեց­ման ա­ռու­մով: Իբ­րեւ հե­տե­ւանք` ան­շուշտ պի­տի ըլ­լան քատ­րա­յին (անձ­նա­կազ­մա­յին) փո­փո­խու­թիւն­ներ:

­Փո­փո­խու­թիւն­ներ պի­տի ըլ­լան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գի գրե­թէ բո­լոր մար­զե­րուն մէջ` նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մէն սկսեալ մին­չեւ դա­տաի­րա­ւա­կան հա­մա­կարգ: ­Նա­խա­գա­հը իր խօս­քը եզ­րա­փա­կեց՝ նշե­լով.- «Վճ­ռո­րոշ փուլ կը մտնենք, մեծ է պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը եւ էա­կան են ակն­կա­լիք­նե­րը: Վս­տահ եմ, որ բո­լորս ան­վե­րա­պա­հօ­րէն սա­տար պի­տի հան­դի­սա­նանք ա­նոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն»:

­Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը հաս­տա­տեց
­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեա­նի թեկ­նա­ծու­թիւ­նը

­Սեպ­տեմ­բեր 8ին ­Սերժ ­Սարգսեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ սկսած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան գոր­ծա­դիր մար­մի­նի նիս­տին քննար­կո­ւած է վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նին ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեա­նի ա­ռա­ջադր­ման հար­ցը:

Հ.Հ.Կ. խոր­հուր­դը հա­մա­ձայ­նու­թիւն տո­ւած է վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նին հա­մար ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեա­նի թեկ­նա­ծու­թեան ա­ռա­ջադր­ման: Այս մա­սին նիս­տի ա­ւար­տին լրագ­րող­նե­րուն հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցի ըն­թաց­քին յայտ­նած է Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մնա­յուն յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ Ար­տակ ­Զա­քա­րեան:

­Քա­նի մը օ­րէն ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը պի­տի նշէ իր ան­կա­խու­թեան 25ա­մեա­կը: Այդ ա­տեն եր­կի­րը պի­տի ու­նե­նայ նոր վար­չա­պետ, որ պի­տի ըլ­լայ ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի 14րդ ­վար­չա­պե­տը: ­Նա­խորդ 13 վար­չա­պետ­նե­րէն ա­մէ­նէն կարճ ժամ­կէ­տով պաշ­տօ­նա­վա­րած է Ար­մէն ­Սարգ­սեան, ա­մէ­նէն եր­կար ժամ­կէ­տով` Անդ­րա­նիկ ­Մար­գա­րեան:

Հ.Հ. ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան 55րդ ­յօ­դո­ւա­ծը կը սահ­մա­նէ, որ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը վար­չա­պետ կը նշա­նա­կէ կա­ռա­վա­րու­թեան հրա­ժա­րա­կա­նի ըն­դու­նու­մէն ետք` տաս­նօ­րեայ ժամ­կէ­տի մէջ:
­Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը կազ­մա­ւո­րո­ւի վար­չա­պե­տի նշա­նա­կու­մէն ետք` քսա­նօ­րեայ ժամ­կէ­տի մէջ:

­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը կ­՛ըն­դու­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հրա­ժա­րա­կա­նը նո­րըն­տիր Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ա­ռա­ջին նիս­տին, ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի կող­մէ իր պաշ­տօ­նը ստանձ­նե­լու, կա­ռա­վա­րու­թեան անվս­տա­հու­թիւն յայտ­նո­ւե­լու, կա­ռա­վա­րու­թեան ծրագ­րին հա­ւա­նու­թիւն չտա­լու, վար­չա­պե­տի կող­մէ հրա­ժա­րա­կան ներ­կա­յա­ցո­ւե­լու կամ վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նը թա­փուր մնա­լու օ­րը: ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի կող­մէ կա­ռա­վա­րու­թեան հրա­ժա­րա­կա­նի ըն­դու­նու­մէ ետք, կա­ռա­վա­րու­թեան ան­դամ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րու կա­տա­րու­մը՝ մին­չեւ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մա­ւո­րու­մը:

Հ.Հ. ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան 74րդ ­յօ­դո­ւա­ծը կը սահ­մա­նէ, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, կազ­մա­ւո­րու­մէն ետք քսա­նօ­րեայ ժամ­կէ­տի մէջ, Ազ­գա­յին ժո­ղով կը ներ­կա­յաց­նէ իր ծրա­գի­րը: