7 Սեպտեմբերին Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութիւն այցելած են Ռուսիոյ կառավարութեան պատուիրակութիւնը` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային կազմակերպութիւններու բաժանմունքի փոխ-տնօ
րէն Տմիթրի Մաքսիմիչեւի գլխաւորութեամբ, եւ Մ.Ա.Կ.ի հայաստանեան գրասենեակի պատուիրակութիւնը` Մ.Ա.Կ.ի մնայուն համակարգող, Մ.Ա.Կ.ի զարգացման ծրագիրի մնայուն ներկայացուցիչ Պրետլի Պուզեթոյի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի շրջաններուն մէջ իրականացուող «համարկուած աջակցութիւն գիւղական համայնքներու զարգացման. համայնքներու դիմակայունութեան ամրապնդում ծրագիր»ի ընթացքին եւ նոր սկսող «գիւղական զբօսաշրջութեան համարկուած զարգացում ծրագիր»ի իրականացման վերաբերեալ հարցեր:
Անոնք իրականութիւն կը դառնան Մ.Ա.Կ.ի զարգացման ծրագիրին կողմէ` Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան հետ սերտ համագործակցութեամբ, Ռուսիոյ կառավարութեան տնտեսաւորումով, անոնց նպատակն է մարզերուն մէջ գիւղական աղքատութեան նուազումն ու կայուն տնտեսական եկամուտներու ստեղծումը:
Հիւրերը գոհունակութեամբ նշած են, որ առաջին ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուած է` տեղեկացնելով, որ նախորդ օրը Տաւուշի մարզ կատարած իրենց այցելութեան ընթացքին ծանօթացած են ծրագրի արդիւնքներուն: Անոնք վստահութիւն յայտնած են, որ նոր սկսող «գիւղական զբօսաշրջութեան համարկուած զարգացում» ծրագիրը պիտի իրականացուի նոյնքան արդիւնաւէտ կերպով եւ դրական անդրադարձ պիտի ունենայ գիւղական շրջաններու զարգացման վրայ:
Այնուհետեւ Մ.Ա.Կ.ի հայաստանեան գրասենեակին եւ Հայաստանի տարածքային կառավարման ու զարգացման նախարարութեան միջեւ ստորագրուած է «գիւղական զբօսաշրջութեան համարկուած զարգացում» ծրագրին սկիզբը ազդարարող փաստաթուղթը` տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանի եւ Պրետլի Պուզեթոյի ձեռամբ:
«Այսօր մենք կը սկսինք Հայաստանի գիւղական վայրերու համար շատ կարեւոր ծրագիր մը, որ լուրջ հեռանկար ունի Հայաստանի մէջ: Գիւղական բնակավայրեր, համայնքներ, շատ տարածքներ տարիներով, իբրեւ հիմնական գործունէութեան ուղղութիւն եւ եկամուտի աղբիւր ունեցած են միայն գիւղատնտեսութիւնը, ինչ որ բաւարար չի կրնար ըլլալ, չի կրնար ապահովել տուեալ բնակչութեան զարգացման, բնական ապրելակերպի կարելիութիւնը:
\Այսօր այս ծրագիրը կու գայ լրացնելու Հայաստանի շուրջ 60 գիւղական համայնքներու կարողութիւնները, եւ կը դառնայ լրացուցիչ եկամուտ տուեալ բնակիչներուն համար, գիւղական շրջանները կը դառնան տուեալ տարածքի բնակչութեան կողմէ արտադրուած սննդամթերքի սպառման եւ այլ ծառայութիւններու մատուցման վայր: Հայաստանի գիւղական վայրերու մեծ հատուած մը օժտուած է զբօսաշրջութեան մարզի լուրջ կարելիութիւններով, որոնք տակաւին բացայայտուած չեն: Եւ այն կարելիութիւնը, որ կրնայ այս ծրագիրը ստեղծել, շատ մեծ հեռանկար ունի»,- նշած է նախարար Դաւիթ Լոքեան:
Պրետլի Պուզեթօ ընդգծած է, որ Հայաստանի գիւղերուն մէջ կան իրենց ծրագրի իրականացման համար անհրաժեշտ բոլոր բաղադրիչները: Պէտք է միայն գնահատել համայնքներուն կարիքներն ու ստեղծել մատակարարման տեղական կառոյցներ, որոնք կարելիութիւն պիտի տան հոն պահելու զբօսաշրջութենէն ստացուած օգուտները: Ծրագիրը պիտի իրականացուի Հայաստանի 60 համայնքի մէջ: