Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան «Փանորամա»յին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին հաստատած է, որ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին մասնակից բոլոր ուսանողները կրնան օգտուիլ կրթաթոշակի զեղչերէն` աւելցնելով, որ ա
նոնց համար պիտի ճշդուի առաւելագոյն չափով զեղչ:
«Զեղչը պիտի կիրարկուի այնպէս, որ Ապրիլեան պատերազմին մասնակցած եւ զօրացրուած ուսանողները գոհ ըլլան»,- նշած է նախարարը:
Լեւոն Մկրտչեան նաեւ յայտնած է, որ իր յանձնարարութեամբ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն արդէն շրջաբերական առաքուած է` այս ուսանողներուն 50 եւ աւելի տոկոս զեղչ կատարելու մասին: Ըստ անոր, այս զեղչէն կրնան օգտուել Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին մասնակից բոլոր ուսանողները` անկախ յառաջդիմութենէն:
«Այսպէս` բանակէն զօրացրուած այն ուսանողները, որոնց զինուորական գրքոյկին մէջ կայ Ապրիլեան պատերազմին մասնակցութեան գրառում, անոնք կը ստանան ուսման վարձքի զեղչ»,- հաստատած է նախարարը: