alt6 ­Սեպ­տեմ­բե­րին, Ար­ցա­խի մէջ, Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Գա­րե­գին Բ. ­Կա­թո­ղի­կոս, ­Գե­րա­գոյն ­Հո­գե­ւոր ­Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, այ­ցե­լած է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի N զօ­րա­մա­սը, ուր հան­դի­պում ու­նե­

ցած է հրա­մա­նա­տա­րա­կան կազ­մին եւ զի­նո­ւոր­նե­րուն հետ:

­Զօ­րա­մա­սին մէջ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սին ու ­Գե­րա­գոյն ­Հո­գե­ւոր ­Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն դի­մա­ւո­րած եւ բա­րի գալս­տեան խօս­քով ող­ջու­նած է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար զօ­րա­վար ­Լե­ւոն Մ­նա­ցա­կա­նեան:
Այ­նու­հե­տեւ՝ զօր­քին իր հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թիւ­նը բաշ­խած է Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Գա­րե­գին Բ. ­Կա­թո­ղի­կոս:

­Պահ­պա­նիչ ա­ղօթ­քէն ետք, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը իր պատ­գա­մը փո­խան­ցած է զի­նո­ւոր­նե­րուն` ու­րա­խու­թիւն յայտ­նե­լով Ար­ցախ իր այ­ցե­լու­թեան ծի­րին մէջ պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի զի­նո­ւոր­նե­րուն եւ հրա­մա­նա­տար­նե­րուն հետ հան­դիպ­ման կա­րե­լիու­թեան հա­մար:

«Ե­կած ենք մեր գնա­հա­տան­քը եւ սէ­րը ար­տա­յայ­տե­լու ձե­զի, նաեւ՝ բե­րե­լու ձե­զի մեր խո­նար­հու­մը ձեր ի­րա­գոր­ծած սխրանք­նե­րուն հա­մար, ո­րոնց մենք ա­կա­նա­տես դար­ձանք Ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն, թէ ինչ­պի­սի՛ քա­ջա­զու­նու­թեամբ դուք կա­սե­ցու­ցիք ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քե­րու յար­ձա­կու­մը, զա­նոնք շպրտե­ցիք մեր սահ­ման­նե­րէն:

­Մեր խո­նար­հու­մը կը բե­րենք քա­ջա­րի զի­նո­ւոր­նե­րուն` մեր ազ­գի հե­րոս զա­ւակ­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց կեան­քով այդ օ­րե­րուն պաշտ­պա­նե­ցին մեր հայ­րե­նի­քը: ­Թող եր­կին­քէն միշտ լոյս եւ օրհ­նու­թիւն իջ­նէ ա­նոնց շի­րիմ­նե­րուն: … ­Փա՛ռք ձե­զի, հա­յոց բա­նա­կի քա­ջա­րի մար­տիկ­ներ: ­Վերս­տին, փա՛ռք ձեր ըն­կեր­նե­րուն, ո­րոնք կը հանգ­չին Ար­ցա­խի եւ ­Հա­յաս­տա­նի նո­ւի­րա­կան եւ սուրբ հո­ղին մէջ»,- ը­սած է ­Գա­րե­գին Բ. ­Կա­թո­ղի­կոս:

­Մայր Ա­թո­ռը 500 հա­զար տո­լար փո­խան­ցած է Ար­ցա­խին

Ս­տե­փանա­կեր­տի մէջ իր աշ­խա­տանք­նե­րուն սկսած է ­Գե­րա­գոյն ­Հո­գե­ւոր ­Խոր­հուր­դի ժո­ղո­վը` Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Գա­րե­գին Բ. ­Կա­թո­ղի­կո­սին նա­խա­գա­հու­թեամբ:

«Ար­ցախ աշ­խարհ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն է մե­զի հա­մար. հող մը, ուր ամ­փո­փո­ւած են մեր նախ­նեաց յի­շա­տակ­նե­րը, ուր կը գտնո­ւին բազ­մա­թիւ սրբա­վայ­րեր:

Ե­կած ենք մեր խո­նար­հու­մը բե­րե­լու, ծնրադ­րե­լու նո­ւի­րա­կան այդ սրբա­վայ­րե­րուն մէջ եւ մեր ա­ղօթքն առ Աս­տո­ւած բարձ­րաց­նե­լու՝ Ար­ցա­խի ա­պա­հո­վու­թեան եւ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան բա­րօր կեան­քին հա­մար»,- ը­սած է ­Գա­րե­գին Բ. ­Կա­թո­ղի­կոս` ընդգ­ծե­լով, որ հա­յոց ե­կե­ղե­ցին իր աշ­խար­հաս­փիւռ թե­մե­րով ու հա­մայնք­նե­րով միշտ ե­ղած է ու կը մնայ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան կող­քին, ա­ջա­կից եւ զօ­րա­կից Ար­ցա­խին` իր ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ճամ­բուն վրայ:

Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սը տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ այ­ցե­լու­թեան ա­ռի­թով Ս. Էջ­միա­ծի­նի եւ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան թե­մե­րուն ա­նու­նով՝ ­Մայր Ա­թո­ռը վերս­տին 500 հա­զար տո­լար կը փո­խան­ցէ Ար­ցա­խին` ար­ցա­խա­հա­յու­թեան կա­րիք­նե­րուն հա­մար:

Ե­ռօ­րեայ ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին պի­տի քննար­կո­ւին ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղո­վի, ­Գե­րա­գոյն ­Հո­գե­ւոր ­Խոր­հուր­դի կա­նո­նադ­րու­թիւն­նե­րու մշակ­ման, ե­կե­ղե­ցա­կան-ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ժո­ղո­վի կա­նո­նադ­րու­թեան հա­մալր­ման ըն­թաց­քին վե­րա­բե­րող հար­ցեր, պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւին զե­կու­ցում­ներ ե­կե­ղե­ցա­կան կա­ռոյց­նե­րու եւ թե­մե­րու գոր­ծու­նէու­թեան առն­չու­թեամբ: