Այս տարուան առաջին կիսուն, Հայաստան ժամանած է շուրջ կէս միլիոն զբօսաշրջիկ: Համաձայն պաշտօնական վիճակագրութեան, այս տարուան Յունուար-Յունիսին, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, մեր երկիր այցելած զբօսաշրջիկներուն
թիւը աճած է մօտ 3%ով եւ կազմած 501 հազար մարդ:
Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն մեծ մասը Ա.Պ.Հ. երկիրներէ են: Ա.Պ.Հ.ին բաժին հասած է Հայաստան ժամանած զբօսաշրջիկներու ընդհանուր թիւին 26, միայն Ռուսիոյ` շուրջ 22%ը: Համեմատաբար մեծ է նաեւ Եւրոպական Միութեան երկիրներէն, մասնաւորապէս` Ֆրանսայէն եւ Գերմանիայէն Հայաստան ժամանողներուն թիւը:
Վիճակագիրը կը փաստէ, որ այս տարի շուրջ 50%ով աճած է Իրանէն Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը: