altԵ­րե­ւա­նի մէջ լոյս տե­սած է թրքա­գէտ, պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու թեկ­նա­ծու ­Հայկ ­Մար­տի­րո­սեա­նի «­Գեր­մա­նա­կան մի­սիո­նա­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւնն Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նում. ­Մա­րա­շի կա­յա­նը (1896-1919 թթ.)» մե­նագ­րու­թիւ­նը (Ե­րե­ւան, 2016, 222 էջ ):

Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Akunq.netը: ­Գիր­քը հրա­տա­րա­կո­ւած է «­Գի­տու­թեան եւ կրթու­թեան հայ­կա­կան ազ­գա­յին հիմ­նադ­րա­մի (ANSEF)» դրա­մաշ­նորհ­ման ծի­րէն ներս: Հ.Հ. Գ.Ա.Ա. Ա­րե­ւե­լա­գի­տու­թեան ու­սում­նա­րա­նի գի­տա­կան խոր­հուր­դին ո­րո­շու­մով՝ տպագ­րո­ւած գիր­քին մէջ կը ներ­կա­յա­ցո­ւի Ա­րե­ւել­քի մէջ քրիս­տո­նէա­կան բա­րե­գոր­ծու­թեան գեր­մա­նա­կան օգ­նու­թեան միու­թեան` ­Մա­րա­շի մի­սիո­նա­րա­կան կա­յա­նին պատ­մու­թիւ­նը 1896-1919 թթ:

­Կը ներ­կա­յա­ցո­ւին մի­սիո­նա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րը` որ­բախ­նա­մու­թիւ­նը, այ­րի­նե­րու խնամ­քը, ե­րե­խա­նե­րու կրթու­թիւ­նը, ար­հեստ­նե­րու ու­սու­ցա­նու­մը, բժշկա­կան-հի­ւան­դախ­նամ, աղ­քա­տախ­նամ աշ­խա­տանք­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ա­ւե­տա­րա­նա­կա­նու­թեան քա­րոզ­չու­թեան ուղ­ղո­ւած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը:

Աշ­խա­տան­քին երկ­րորդ մա­սին մէջ՝ հան­րա­գի­տա­րա­նա­յին ձե­ւա­չա­փով՝ կը ներ­կա­յա­ցո­ւին ­Մա­րա­շի մէջ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լած եւ գե­րա­զան­ցա­պէս ան­յայտ մնա­ցած 40 աշ­խա­տա­կից­նե­րու կեանքն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ո­րոնց­մէ շա­տե­րը կի­լի­կիոյ հա­յու­թեան կո­տո­րած­նե­րուն եւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­կա­նա­տես­ներ են:

­Գե­րա­զան­ցա­պէս աղ­բիւ­րա­գի­տա­կան հէն­քի վրայ ստեղ­ծո­ւած մե­նագ­րու­թիւ­նը ա­ռա­ջին ան­գամ գի­տա­կան շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը դնէ բա­զմա­թիւ ար­ժէ­քա­ւոր սկզբնաղ­բիւր­ներ: